Ս. Աստուածածնի Վերափոխման Տօնը Զմմառի Մէջ

Համայն քրիստոնէութիւնը Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տօնը մեծ շուքով կը տօնախմբէ օգոստոս 15-ին: Իսկ հայ եկեղեցին` օգոստոս 15-ի մօտաւոր կիրակին, այսինքն 12-էն 18 Օգոստոսի միջեւ: Տօն մը, զոր հայ եկեղեցւոյ հայրերը հինգ տաղաւար տօներէն մէկը համարած են, եւ կը տօնուի ինը օրեր շարունակ, եւ որուն ընթացքին շարականներու երգեցողութեան ընդմէջէն կ՛ոգեկոչուի Ս. Աստուածածնի երկինք փոխադրուիլը:
Կիրակի, 14 Օգոստոս 2016-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Գրիգոր Պետրոս Ի. պատրիարքը Ս. պատարագ մատուցանեց նորակառոյց ամփիթատրոնին մէջ: Այս առթիւ հայ կաթողիկէ եպիսկոպոսաց դասը համապատարագեց հոգեւոր տիրոջ հետ, իսկ պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց պատրիարքական «Կռունկ» երգչախումբը, ղեկավարութեամբ մայեսթրօ դոկտ. Էտի Թորիկեանի:
Իր պատգամի ընթացքին հոգեւոր տէրը խօսեցաւ Ս. Կոյս Մարիամի հաւատքին մասին, ըսելով. «Աւետարանը Մարիամը կը յիշատակէ Յիսուսի կեանքի զանազան հանգրուաններուն: Աստուածածնի տօնը քրիստոնէական Եկեղեցւոյ մեծագոյն յարգանքի, բարեպաշտական բիւրեղ զգացումի եւ հաւատքի արտայայտութիւն մըն է, որ կ՛ընծայուի Աստուածամօր, որ շնորհք գտաւ Աստուծոյ առջեւ, սնուցանեց մանուկ Աստուածորդին, դաստիարակեց եւ ընծայեց զայն աշխարհին` յանուն մարդկութեան որպէս փրկիչ եւ մարդացեալ Աստուածորդին: Սակայն Տիրամայրն ալ հաւատքին մէջ տարակոյսներ ունեցաւ, երբ իր Աստուածորդին կը հալածուէր եւ կը տառապէր ամէն մարդու նման: Տիրամայրն ալ հարց կու տար թէ. «Արդեօք Յիսուս ճշմարտապէս Աստուծոյ Որդի՞ն է»: Մարիամ ինք երբեմն տարակուսանքի մէջ կը գտնուէր, թէ արդեօք ինք Աստուածորդի՞ն կը կրէր իր մէջ: Սակայն, հակառակ բոլոր տեսակի նեղութեանց, Մարիամ հաւատաց իր առաքելութեան: Ան փախաւ Եգիպտոս մանուկ Յիսուսին հետ միասին, ազատելու համար զայն Բեթղէհէմի մանուկներու ջարդէն: Մարիամ տարակուսանքի մէջ գտնուեցաւ նաեւ, երբ Յիսուս 12 տարեկանին Երուսաղէմի մէջ կորսուեցաւ, սակայն երբ Յիսուսը գտաւ տաճարին մէջ, Մարիամ չկրցաւ իր ցաւը զսպել, որ Յիսուսի կորսուիլը երեք օր զինքը անտանելի տագնապներու եւ կասկածներու մէջ թողած էր: Մարիամ տարակուսանքի մէջ գտնուեցաւ նաեւ, երբ ականատես եղաւ, թէ ինչպէս փարիսեցիներ կը քննադատէին Յիսուսը: Հակառակ այս բոլոր նեղութեանց եւ տառապանքին, Մարիամ շարունակեց ապրիլ հաւատքով լեցուն, որովհետեւ Աստուծոյ շնորհքով լեցուած էր եւ Աստուծոյ կողմէ ընտրուած էր մայր դառնալու Քրիստոսի եւ ապա համայն մարդկութեան: Քրիստոսի կեանքին վերջին հանգրուանին` Ս. Կոյսը կը տեսնենք Գողգոթայի բարձունքին վրայ, խաչին ստորոտը, ուր Յիսուս իր հոգին աւանդելէ առաջ իր մայրը կը յանձնէ Յովհաննէս Առաքեալին, ըսելով. «Ահա՛ քու Մայրդ» եւ մօրը դառնալով կ՛ըսէ. «Ահա՛ քու որդիդ»: Այս ձեւով Տիրամայրը ինչպէս որ Մանուկ Յիսուսի մայրն եղաւ, նոյնպէս ալ եկեղեցւոյ մայրն ու դաստիարակը եղաւ: Եկեղեցին զայն պանծացնելով` զայն որպէս Մայր եւ Աստուածածին հռչակեց»:
Իր քարոզի աւարտին Գրիգոր Պետրոս Ի. խնդրեց բոլոր ներկաներէն, որ յատուկ աղօթք կատարեն հայրենիքի բարգաւաճման եւ բարօրութեան համար, որպէսզի այս դժուարին օրերը յաղթահարէ եւ նոր վերելք մը ապրի տնտեսական թէ ընկերային գետնի վրայ: Նոյնպէս աղօթք բարձրացուց Լիբանանի համար, որ իր կարգին հայութեան երկրորդ հայրենիքը կը համարուի` խնդրելով, որ համերաշխութիւն տիրէ այս ասպնջական հողին վրայ:
Ս. պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ խաղողօրհնէք: Այս գեղեցիկ աւանդութիւնը հայ ժողովուրդի բարեպաշտութեան մէջ իւրայատուկ տեղ գրաւած է: Եկեղեցին տարուան բոլոր պտուղներուն արգասիքներուն մէջէն խաղողը ընտրած է որպէսզի օրհնուի: Հոգեւոր Տէրը ընթերցելէ ետք Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետին աղօթքը, օրհնեց խաղողի ողկոյզներն ու ճիռերը, ըսելով. «Օրհնեսցի եւ սրբեսցի ողկոյզս եւ ճիռս խաղողոյս»:
Այս աղօթքով Հոգեւոր Տէրը Աստուծոյ օրհնութիւնը կը խնդրէր խաղողի ողկոյզներուն եւ ճաշակողներուն համար, որպէսզի անոնք արժանի ըլլան մեղքի թողութեան եւ դառնան առողջ` հոգիով եւ մտքով: Կը խնդրէր, որ օրհնուին նաեւ որթատունկերն ու այգիները, որոնցմէ կտրուեցան եւ բերուեցան խաղողի ողկոյզները: Պատարագի աւարտին Հոգեւոր Տէրը խօսք ուղղելով հաւատացեալ ժողովուրդին, յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց «Կռունկ» երգչախումբի ղեկավար Էդուարդ Թորիկեանին, որ իր կեանքը նուիրած էր հայ եկեղեցւոյ: Այս առթիւ Է. Թորիկեան խորապէս յուզուած ընդունեց Զմմառու Տիրամօր պատկերը` առ ի նշան երախտագիտութեան եւ գնահատանքի: Ան խոստացաւ շարունակել Աստուծոյ իրեն շնորհած կորովով` հաւատարիմ մնալ այս նուիրական աշխատանքին եւ առաքելութեան: Օրուան հանդիսութեան աւարտին` հոգեւորական դասը, նախագահութեամբ հոգեւոր տիրոջ թափօրով մեկնեցան վանքի դահլիճ, ուր տեղի ունեցաւ աջահամբոյրի արարողութիւն:
Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ ագապ դպրեվանքի սեղանատան մէջ, մասնակցութեամբ ամենապատիւ հոգեւոր տիրոջ, վանքի վարչական խորհուրդին, հիւր միաբան հայրերուն, դպրեվանքի ուսանողութեան, «Կռունկ» երգչախումբին: Բաժակաճառեր արտասանուեցան եւ խմբերգներ երգուեցան: Տօնուեցաւ Պէյրութի թեմի պատրիարքական փոխանորդ եւ Զմմառու վանքի մեծաւոր` Գաբրիէլ Ծ. վրդ. Մուրատեանի քահանայական ձեռնադրութեան 18-րդ ամեակը: