Վարչապետը Մասնակցած Է «Հայաստանը Որպէս Իրականացուող Հնարաւորութիւններու Երկիր» Ծրագիրի Ծիրէն Ներս Տեղի Ունեցող Հանդիպման
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2013/10/10782_am_1.jpg)
Վարչապետ Տիգրան Սարգսեան ներկայ գտնուած է «Ֆինանսաբանկային կեդրոն» հիմնադրամի կողմէ կազմակերպուող «Հայաստանը որպէս իրականացուող հնարաւորութիւններու երկիր» ծրագիրի ծիրէն ներս տեղի ունեցող հերթական հանդիպման: Ձեռնարկին հիւրը Ռուսաստանի գիտութիւններու ակադեմիայի փիլիսոփայութեան հիմնարկի փոխտնօրէն, «Ռոսատոմ» միջուկային ուժանիւթի պետական Միութեան գլխաւոր տնօրէնի խորհրդական, Գ.Պ. Շչետրովիցկիի անուան Զարգացման հիմնարկի նախագահ Փիոտր Շչեդրովիցկին էր, որ հանդէս եկած է «Համաշխարհային տնտեսութեան տեխնոլոգիական զարգացման հեռանկարները» զեկոյցով:
ՀՀ կառավարութեան ղեկավարը բարձր գնահատած է Փիոտր Շչեդրովիցկիի գործունէութիւնը որպէս ճանչցուած փիլիսոփայ եւ մեթոտաբան, որ ՀՀ եւ ՌԴ մեթոտաբանական շարժման սերտ համագործակցութեան ծիրէն ներս արդէն քանիցս այցելած է մեր երկիր: «Դեռեւս 1989 թ. Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ հիմնադրուեցաւ մեթոտաբանական շարժումը, որու ակունքներուն կանգնած էր նաեւ շչեդրովիցկիի հայրը` յայտնի մեթոտաբան Գէորգի Շչեդրովիցկին: Առաջին անգամ ծաղկաձորի մէջ կազմակերպուած էր մեթոտաբանական խաղ, որուն կը մասնակցէին տաղանդաւոր հետազօտողներ, երիտասարդ գիտնականներ, որոնք ալ հիմնադրեցին
մեթոտաբանական շարժումը Հայաստանի մէջ»: Ըստ վարչապետի` ներկայացուելիք զեկոյցի մեթոտաբանական կարեւոր նշանակութիւնը այն է, թէ ինչպէս մեթոտաբանները կը ձեւակերպեն արդիական խնդիրները եւ ինչպիսի լուծումներ կ’առաջարկեն:
Հանդիպման կը մասնակցէին ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարարի տեղակալ Մանուկ Մկրտչեան, ՀՀ կառավարութեան աշխատակազմի, ՀՀ տնտեսութեան եւ ֆինանսներու նախարարութիւններու, ՀՀ ֆինանսական կազմակերպութիւններու միութիւններու, ՀՀ ՏՏ ոլորտի կազմակերպութիւններու, միջազգային կառոյցներու ներկայացուցիչներ: «Հայաստանը որպէս իրականացուող հնարաւորութիւններու երկիր» ծրագիրը հնարաւորութիւն կու տայ մասնակիցներուն ծանօթանալ հայաստանեան եւ համաշխարհային տնտեսական զարգացումներուն, խորացնելու մասնագիտական գիտելիքները, ծանօթանալու համաշխարհային փորձն ու զարգացումները: Շարունակական զարգացման այս ծրագիրը կը նպաստէ արդիական մտածողութեան ձեւաւորմանն ու զարգացմանը:
նշենք, որ Փիոտր Շչեդրովիցկին իրականացուցած է համագումար նաեւ ՀՀ կառավարութեան մէջ: