Մեկնարկած Է «Բազէ» Համահայկական Երիտասարդական Հաւաքը

Օգոստոս 22-ին Ծաղկաձորի մէջ մեկնարկած է «Բազէ» համահայկական երիտասարդական հաւաքը:
Բացման արարողութեան ներկայ եղած են ՀՀ վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանը, ՀՀ ԿԳ նախարար Լեւոն Մկրտչեանը, Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանը, պաշտօնատար այլ անձիք:
Այս մասին կը յայտնեն Հայաստանի երիտասարդական հիմնադրամի հասարակայնութեան հետ կապերու ծառայութենէն եւ կը նշեն, ամէնամեայ հաւաքի հիմնական նպատակն է բացայայտել տաղանդաշատ երիտասարդներու, անոնց տալ ինքնադրսեւորման հնարաւորութիւն, մասնակիցներուն մօտ սերմանել խմբային աշխատանքի եւ արդար մրցակցութեան ոգի:
«Բազէին» կը մասնակցի շուրջ 500 երիտասարդ Հայաստանէն, Արցախէն, Ջաւախքէն եւ սփիւռքէն: Հաւաքը կը բաժնուի եռագոյնը խորհրդանշող երեք ճակատներու, իսկ ճակատները` 15-ական ջոկատներու, որոնք կը ներկայացնեն մարզերը, պետական եւ ոչ պետական համալսարանները, հասարակական կազմակերպութիւնները, ազգային փոքրամասնութիւնները եւ այլ կառոյցներ:
Եօթօրեայ հաւաքի ընթացքին մասնակիցները ուժերը կը չափեն մարզական, մշակութային եւ մտաւոր խաղերու մէջ (լող, բազկամարտ, ֆութպոլ, սեղանի թենիս, վոլէյպոլ, ազգային խաղեր, մարզական մրցումներ, նկարչութիւն, երգ, պար, նորաձեւութիւն եւ այլն):
Բացի մրցութային խաղերէն, հաւաքի մասնակիցներուն համար կը կազմակերպուին նաեւ հանդիպում-քննարկումներ պետական, հասարակական գործիչներու հետ, կ’իրականացուին ֆիլմի դիտումներ, ժամանցային ծրագիրներ: