Բակօ Սահակեանն Ու Սէյրան Օհանեանը Քննարկած Են Բանակաշինութեան Առնչուող Հարցեր

Արցախի Հանրապետութեան Նախագահ Բակօ Սահակեանը Օգոստոս 22-ին ընդունած է Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանը: Այս մասին կը յայտնեն ԼՂՀ Նախագահի մամլոյ ծառայութենէն:
Քննարկուած են բանակաշինութեան եւ այդ ոլորտին մէջ երկու հայկական պետութիւններու համագործակցութեան վերաբերող շարք մը հարցեր:
Հանդիպման կը մասնակցէին վարչապետ Արայիկ Յարութիւնեանը, փոխվարչապետ Արթուր Աղաբեկեանը, ԼՂՀ պաշտպանութեան նախարար Լեւոն Մնացականեանը, ՀՀ պաշտպանութեան նախարարի տեղակալ-նիւթատեխնիկական ապահովման բաժանմունքի պետ Մովսէս Յակոբեանը, պաշտօնատար այլ անձիք: