«Պլումպըրկ»-ի Ստեղծած Տարածաշրջանային Լարուածութիւնը

Նիւ Եորքի քաղաքապետ Մայքըլ Պլումպըրկի պատկանող «Պլումպըրկ» լրատուական կայքէջը  հանրաճանաչ է իր վերլուծական, մեկնաբանական, կանխատեսական հրապարակումներով, որոնք յատկապէս  կը վերաբերին համաշխարհային մակարդակի վրայ արձանագրուող տնտեսական իրադարձութիւններուն: Կայքէջը, ուրեմն, համացանցային աշխարհի  կարեւոր եւ նկատառելի վերլուծականներէն  կը համարուի եւ այդ իմաստով ալ կը վայելէ որոշ հեղինակութիւն:

Նման աշխարհահռչակ կեդրոններու վաստակած համբաւը երբեմն խնդրոյ առարկայ կը դառնայ, երբ անոնց կողմէ ներկայացուած հարցին մասին հետեւողին իրազեկուածութիւնը պատճառ  կ՛ըլլայ, որ հիմնովին խախտի միեւնոյն  այդ կեդրոնին հրապարակած լրատուական մեկնաբանութիւններուն  հաւաստիութիւնը:

Այսպէս.-

«Լեռնային Ղարաբաղի մէջ սուրիահայերուն վերաբնակեցումը կ՛աւելցնէ  լարուածութիւնը տարածաշրջանին մէջ» խորագիրին տակ «Պլումպըրկ»-ի աշխատակիցը կը գրէ.- «Հայաստան ժամանած է քաղաքացիական պատերազմէն փրկուող մօտաւորապէս 10 հազար սուրիահայեր, որոնք կը վերաբնակեցուին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ»:

Յօդուածին հետագայ բաժինը այսպիսով կը կորսնցնէ արդէն իր դիտարժանութիւնը: Եթէ նման հաստատումով փորձ կը կատարուի ստեղծելու այն տպաւորութիւնը, թէ Սուրիայէն Հայաստան ապաստանած հայերը հաւաքական կերպով կը տեղափոխուին Արցախ, այս արդէն երրորդ ենթադրութեամբ չի մեկնաբանուիր: Կա՛մ այն է, որ անիրազեկուածութեան խնդիր է, ինչ որ չի սազիր «Պլումպըրկ»-ի վայելած վարկին, կա՛մ ալ միտումնաւոր ապատեղեկատուութիւն կը կատարուի: Երկրորդ վարկածը աւելի համոզիչ կը դառնայ, երբ կը նայինք խորագիրին:

Լարուածութիւն ստեղծելու փորձ կատարողը Ազրպէյճանն է: Այդ մթնոլորտի ստեղծման համար կ՛օգտագործուի ո՛չ միայն ռազմատենչ հռետորաբանութիւնը, այլ նաեւ արձակազէններու զինադադարի անվերջ խախտումները` աւելցնելով նաեւ ռազմական գործողութիւնները: Լարուածութեան մթնոլորտի ստեղծման համար Պաքուն քանի՛երորդ անգամն ըլլալով կը բողոքէ սուրիահայ ընտանիքներու Արցախ հաստատման երեւոյթին դէմ: Պաքուն բողոքած էր նաեւ այն ժամանակ, երբ իրաքահայ սակաւաթիւ ընտանիքներ ապաստան գտած էին Արցախ:

Պարզ է, որ քանի մը տասնեակ սփիւռքահայ ընտանիքներու Արցախ հաստատուիլը չի փոխեր անշուշտ Արցախի ժողովրդագրական պատկերը: Խնդիրը շահարկումն է, աղմուկ բարձրացնելը եւ լարուածութեան խաբկանքի քարոզչական գործողութեամբ իրականութեան վրայ ծխածածկոյթի յառաջացումը:

Պաքուն չէր յաջողած ծխածածկոյթի յառաջացման իր քաղաքականութեան մէջ: Պաքուի ՄԱԿ-ի գաղթականներու հարցերով զբաղող գրասենեակի պաշտօնատարը իրենց յղուած դիմումին առ ի արձագանգ յայտնած էր, որ իր տեսակէտով ՄԱԿ-ը այստեղ միջամտելու որեւէ հիմնաւորում չունէր:

Յօդուածին մէջ մէջբերուած է  նաեւ նախագահ Սահակեանի մօտեցումը այս հարցին նկատմամբ:

«Մենք չենք կրնար անտեսել զանոնք (սուրիահայերուն): Հակառակ անոր որ մենք նոյնպէս տնտեսական դժուարութիւններ ունինք, սակայն կը փորձենք մեղմացնել անոնց խնդիրները – որոշ հնարաւորութիւններ տրամադրել. սուրիահայերու վերաբնակեցման ծրագիր տակաւին չէ մշակուած»:

Նախագահ Սահակեանի մօտեցումը համահունչ է միջազգային ընտանիքի ճշդած օրինաչափութիւններուն ճգնաժամային պայմաններու մէջ յայտնուած երկիրներու քաղաքացիներուն նկատմամբ  ապաստան տրամադրելու ընթացակարգին: «Սուրիահայերու վերաբնակեցման ծրագիր տակաւին չէ մշակուած» արտայայտութիւնը կը նշանակէ, որ նման ծրագիրի մշակումը չէ բացառուած պաշտօնական Ստեփանակերտի կողմէ եւ զայն եւս պէտք է ընկալել բնական երեւոյթ` ապաստան, կացարաններ եւ կենցաղային դիւրութիւններ տրամադրելու առումով:

Կը թուի, թէ «Պլումպըրկ»-ի նման այլ կեդրոններ եւս կամայ թէ ակամայ պիտի ներքաշուին նման քարոզչական գործողութիւններու մէջ: Հայկական կողմէն կ՛ակնկալուի հակազդեցութիւն` բացայայտելու տարածաշրջանային լարուածութեան հեղինակին շահարկումներն ու շարժառիթները:

aztagdaily.com

Scroll Up