Ախալցխայի Հոգեւոր Տեսչութիւնը Բարերար Խաչատուր Պապոյեանի Նախաձեռնութեամբ Կազմակերպեց 5 Օրեայ Ճամբար

Օգոստոս 17-ին Ախալցխայի Հոգեւոր Տեսչութիւնը բարերար Խաչատուր Պապոյեանի նախաձեռնութեամբ կազմակերպեց 5 օրեայ ճամբար, որուն մէջ ընդգրկուած էին 70 երեխաներ Ախալցխայի եւ շրջակայ գիւղերէն: Ճամբարը կը գտնուի «Սխուիլիսիի եայլա» կոչուող վայրին մէջ: Օրը սկսաւ տէրունական աղօթքով եւ Ախալցխայի Հոգեւոր Տեսուչ Տէր Յակոբ աբեղայ Սահակեանը յաւուր պատշաճի քարոզ խօսեցաւ եւ մաղթեց երեխաներուն խաղաղ, ուրախ եւ անհոգ օրեր, կը գրէ akhaltskha.net-ը: