Արեւմտեան Թեմի Շաբաթօրեայ Դպրոցներու Նոր Տարեշրջանը

Օգոստոս 20-ին Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն ներս սկսաւ շաբաթօրեայ դպրոցներու 2016-17 ուսումնական տարին: Արձակուրդի ողջ ընթացքին կատարուած էին նախապատրաստական բազմաթիւ աշխատանքներ. դպրոցները համալրուած էին նոր, արդիական ուսումանական միջոցներով, դասագիրքրերով եւ այլ պարագաներով: Թեմի տարբեր շրջաններուն մէջ գործող 11 դպրոցներու ուսուցիչները խանդավառութեամբ ու հոգեւոր ուրախութեամբ լեցուած սկսան իրենց ազգանուէր ծառայութիւնը` յանուն մեր զաւակներու հայեցի դաստիարակութեան, ազգային ինքնութեան պահպանման ու Թորգոմեան ազգի յարատեւութեան: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնէ «Փոքրիկ հրեշտակներ» շաբաթօրեայ դպրոցի տնօրէն Յովհաննէս սարկաւագ Գումրուեան:
2016 թ.-ի Օգոստոս 13-ին, մինչ ուսումնական տարուան մեկնարկը, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի բարեխնամ առաջնորդ, գերաշնորհ Տ. Յովնան արք. Տէրտէրեանի նախագահութեամբ ու օրհնութեամբ տեղի ունեցաւ շաբաթօրեայ վարժարաններու ուսուցիչներու վերապատրաստման ամէնամեայ դասընթացքը:
Գիտակրթական յանձնախումբի պատասխանատուներէն, բազմափորձ մանկավարժ, դոկտոր Էլլի Անտրէասեանի նախաձեռնութեամբ` այս տարուան թեման նուիրուած էր «Հայ ինքնութեան» խնդիրներուն:
Բացման եւ օրհնութեան խօսքին մէջ, առաջնորդ սրբազան հայրը իր մտորումները շաղախեց երանաշնորհ Վազգէն Ա հայրապետի ազգային ինքնութեան դիպուկ բնորոշումներուն, որոնք այսօր ալ կը շարունակեն ըլլալ իւրօրինակ ուղերձ եւ լուսաւոր փարոս մեր յարատեւութեան պայքարին մէջ:
Թեմի Քրիստոնէական դաստիարակութեան պատասխանատու, աստուածաբան Մաշտոց Չօբանեան անրադարձաւ ազգային ինքնութեան հարցերուն` այն համադրելով կրօնական, աստուածաբանական ու բարոյական չափանիշներուն: Նիւթի տրամաբանական շարունակութիւնն էր նշանաւոր գիտնական, փրոֆէսոր Կարօ Մոմճեանի դասախօսութիւնը` «Հայոց պատմութիւն» առարկայի դասաւանդման դերը հայու ինքնութիւնը կերտելու գործին մէջ»: Բանախօսը առաջնորդուելով արիստոտէլեան յայտնի սկզբունքով` հաճելի երկխօսութիւն սկսաւ մանկավարժներուն հետ: Վերջիներուս առաջնորդեց պատմական անցեալի եւ ներկայի ազգային ինքնութեան ու լինելութեան հանգրուաններով` միաժամանակ կարեւոր համարելով համաշխարհային փորձը եւ արդի մօտեցումները:
Աշխատանիստի աւարտի բանախօսն էր դոկտոր էլլի Անտրէասեանը, որն ալ ամփոփեց օրուան նիւթը` զուգահեռելով գործնական, խմբակային աշխատանքներով, հարց ու պատասխաններով:
Աւարտին թեմի տարբեր շրջաններէն ժամանած յիսունէ աւելի մանկավարժներուն իր բարեմաղթանքները փոխանցեց եւ համաժողովը աղօթքով փակեց առաջնորդական ընդհանուր փոխանորդ եւ շաբաթօրեայ վարժարաններու հոգաբարձութեան ատենապետ, հոգեշնորհ Տ. Բագրատ ծ. վրդ. Պերճեքեանը: Հայր սուրբը ներկաներուն փոխանցեց նաեւ Յովնան սրբազանի հեղինակած վերջին հրատարակութիւնները:
Արեւմտեան թեմը` հաւատարիմ իր քրիստոսանուէր ու ազգային առաքելութեան, կը շարունակէ ընել ամէն ինչ, որպէսզի շաբաթօրեայ դպրոցներ յաճախող շուրջ 1000 աշակերտներու մատաղ հոգիները թրծուին մաշտոցեան շունչով, հայրենիքի ու Մայր եկեղեցւոյ հետ յարատեւ հաղորդակցութեամբ ու սիրով:
Բարի՛ երթ 2016-17 ուսումնական տարեշրջան: