Հայ Դատի «Ժառանգութիւն» Մրցանակը Յետ Մահու Պիտի Շնորհուի Վարուժան Գունտաքճեանին

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, որ այս տարուան իր տարեկան ձեռնարկին ընթացքին, կազմակերպութեան «Ժառանգութիւն» մրցանակը պիտի շնորհէ բարերար եւ համայնքային ղեկավար Վարուժան Գունտաքճեանին՝ յետ մահու. մրցանակը պիտի ստանձնէ Գունտաքճեանի ընտանիքը, Կիրակի, Հոկտեմբեր 16ին կայանալիք ձեռնարկին ընթացքին։
«Այս տարուան ձեռնարկի մրցանակակիրները որոշելու քննարկումներուն ընթացքին, երբ արդէն իսկ միաձայնութեամբ որոշած էինք «Ժառանգութիւն» մրցանակը յանձնել երկարամեայ համայնքային ղեկավար եւ բարերար Վարուժան Գունտաքճեանին, լսեցինք, որ մեր սիրելի Վարուժանը անհանգիստ է եւ հիւանդանոց կը գտնուի։ Յուսալով, որ ան արագօրէն կ՛ապաքինի՝ սպասեցինք, որ այս յայտարարութիւնը կատարենք անոր բնակարան վերադառնալէն ետք, սակայն, դժբախտաբար, ան հիւանդանոցին մէջ փչեց իր վերջին շունչը, եւ այսպիսով՝ համայնքը կորսնցուց Հայ Դատի կարեւորագոյն ջատագովներէն մէկը», կը յայտնէ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Նորա Յովսէփեան։
«Մեր ընտանիքը պատիւ կը զգայ Վարուժան Գունտաքճեանին փոխարէն՝ ընդունելու Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին «Ժառանգութիւն» մրցանակը։ Ան սիրուած ամուսին, հայր եւ մեծ հայր մըն էր, որուն առատաձեռնութիւնը եւ նուիրումը՝ ընտանիքին եւ համայնքին, իսկակա՛ն արտացոլացումն էր իր էութեան», կը յայտնեն Վարուժան Գունտաքճեանի զաւակները՝ Լալիկ եւ Սեւակ Գունտաքճեաններ։
Վարուժան Գունտաքճեան զաւակն է Հայոց Ցեղասպանութենէն փրկուած Վարդան եւ Ովսաննա Գունտաքճեաններուն. ծնած է Պէյրութ, 1934ի Ապրիլ 24ին: Կանուխ տարիքէն նետուած է Պէյրութի միութենական կեանքին մէջ՝ ըլլալով ՀՄԸՄի սկաուտ, Քեսապի ուսումնասիրաց միութեան անդամ եւ Համազգայինի «Գասպար Իբէկեան» թատերախումբի դերասան։ Ան աշխոյժ գործունէութիւն ունեցած է Պէյրութի ընկերային, մշակութային եւ քաղաքական կեանքին մէջ, իսկ 1952ին միացած է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան շարքերուն։ Իր ուսումը շարունակելու համար, 1962ին փոխադրուած է Լոս Անճելըս, իր քրոջ՝ Արփինէին մօտ, եւ 1965էն մինչեւ 1975, նմանապէս «Ժառանգութիւն» մրցանակին արժանացած Մանաս Պուճիքեանի օժանդակութեամբ, ան սկսած է աշխատելու «Diamond Tools» ընկերութեան մէջ: Կրկին, Մանասի օժանդակութեամբ, իր եղբօրը՝ Ալեքի եւ Մկրտիչ Մկր-տիչեանի հետ կը հիմնէ շարք մը հաստատութիւններ, իսկ 1975ին, կը հիմնէ «Diamotec»ը, որ կը գործէ մինչեւ այսօր:
1962էն ի վեր, Վարուժ գործօն ներկայութիւն մըն էր կուսակցական կեանքին մէջ, յատկապէս Թորընսի եւ Հոլիվուտի Հայ կեդրոնները գնելու գծով։ Ան քանի մը առիթներով ընտրուած է Կեդրոնական կոմիտէի անդամ, իսկ 1989ին, «Հորիզոն» պատկերասփիւռի կայանի հիմնադրութեան մղիչ ուժերէն եւ հիմնադիր անդամներէն մէկը եղած է:
1990էն ետք, Վարուժը, Մանաս Պուճիքեանի հետ դարձեալ, մաս կազմած է ՀՅ Դաշնակցութեան Բիւրոյի տնտեսական յանձնախումբին՝ յաջողցնելով բազմաթիւ տնտեսական նախաձեռնութիւններ: Ան նաեւ հիմնադիր անդամներէն մէկն էր Հայ Մշակութային Հիմնարկութեան հիմնադրամին (ACF Trust Fund), միաժամանակ նիւթական մնայուն օժանդակութիւն տրամադրելով Հայ Դատի յանձնախումբին եւ անոր գործունէութեան:
Վարուժ մաս կազմած է նաեւ Հայ կրթական հիմնարկութեան վարչութեան, որուն միջոցով, Հայաստանի զանազան գիւղերու մէջ դպրոցներ կը նորոգուին:
1991էն սկսեալ, Հայաստանի անկախութեան տարիներուն, Վարուժ իր մասնակցութիւնը բերած է երկրի շինարարական աշխատանքներուն եւ օժանդակած է գիւղատնտեսական շարք մը ծրագիրներու, ինչպէս նաեւ նեցուկ կանգնած է զանազան արուեստագէտներու։
2014ին, Վարուժ ստացած է «Կիլիկիոյ Ասպետ» շքանշանը։
Յիշենք, որ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի տարեկան ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, Հոկտեմբեր 16ին, կ.ե. ժամը 4։30էն սկսեալ, «Ուեսթըն Պոնավենչըր» պանդոկին մէջ։ Տոմսերու համար, դիմել (818) 839-1918 թիւին, կամ այցելել www.ancawrgala.org կայքը։
Հովանաւորութեան կարելիութեանց ծանօթանալու համար, դիմել (818) 500-1919 թիւին կամwww.ancawr.org/gala/sponsorship կայքէջին։