Հիւսթընի Ս. Գէորգ Եկեղեցին Կը Հասնի Սուրիահայերու Աջակցութեան

Սուրիայէն ապահով կերպով դուրս գալու դժուարութիւն ունեցող հայերուն, ինչպէս նաեւ Հայաստան ապաստանած սուրիահայերուն օժանդակութիւն տրամադրող «Հալէպ» բարեսիրական հասարակական կազմակերպութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ սուրիահայութեան օգնութեան ձեռք երկարելու իրենց կոչին անսալով, Թեքսասի Հիւսթըն քաղաքի Ս. Գէորգ Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդը, առաջնորդութեամբ ատենապետ Վրեժ Քոլանճեանի, կրցած է բաւարար աջակցութիւն հաւաքել 160 սուրիահայերու ապահով ելքը եւ անոնց Հայաստան հասնիլը իրականացնելու համար։
Այս օժանդակութեան շնորհիւ, արդէն իսկ Հայասատն հասած են 130 սուրիահայեր, որոնք անցած են իրենց հայրենիքէն ներս նոր կեանք մը կերտելու աշխատանքին, որուն պիտի շարունակէ աջակցիլ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդը։
Նոյն նպաստին շնորհիւ 30 ուրիշներ Հայաստան պիտի հասնին մօտիկ ապագային:
Մինչու այս տարուան Յուլիս ամիս, «Հալէպ» բարեսիրական կազմակերպութեան «Կեանք մը փրկէ» նախաձեռնութեան շնորհիւ կարելի եղած է Հալէպէն Հայաստան հասցնել 221 սուրիահայեր, իսկ 30ը ճամբու վրայ են։ Ներկայիս կազմակերպութեան մօտ կան Հայաստան հասնելու նպատակով սուրիահայերու կողմէ ներկայացուած մօտաւորապէս 600 դիմումներ։
Այս արշաւին նպաստելու համար այցելել՝ www.aleppo-ngo.org կայքը։