Սուրիահայերու Վերամուտը Հայրենիքին ՄԷջ

Մօտ մէկ տարի առաջ, երբ սուրիացիներու գլխաւոր հոսքը հասաւ Գանատա, օդակայանին մէջ անոնց դիմաւորեց երկրի վարչապետ Ճասթին Թրիւտոն` նուիրելով բաճկոններ եւ ձմեռնային կօշիկներ: Միջազգային ու հայկակական լրատուամիջոցները, ընկերային  ցանցերը ամիսներ շարունակ բազմալեզու յօդուածներով ու տեսաերիզներով գովքը հիւսեցին վերոնշեալ աննախադէպ նախաձեռնութեան:

Մինչդեռ աշխարհի արեւելեան  «խուլ» անկիւնի մը մէջ, ոչ թէ Գանատայի նման ուկիանոսէ ուկիանոս երկարող տարածքին մէջ, կայ  փոքրիկ, նորանկախ երկիր մը` թշնամին իր փակ սահմաններու ետին, որ հինգ տարի է, ջանք չի խնայեր տեղահանուած իր զաւակներուն ամրապնդելու հայրենի հողին վրայ:

Այդ երկրին անունը Հայաստան է` բոլոր հայերու հայրենիքը:

Բազում եւ բազմապիսի օժանդակութիւններէն` Սեպտեմբեր 1-ին ընդառաջ, այսօր կ’անդրադառնանք միայն Հայաստանի կրթօճախներուն մէջ ուսանող սուրիահայերուն տրուող օժանդակութիւններուն:

Սուրիական պատերազմի հինգերորդ ուսումնական տարեշրջանին Հայաստանի կրթահամալիրներուն մէջ կ’ուսանին շուրջ 2300 աշակերտներ եւ ուսանողներ`

550 երեխաներ մանկապարտէզներու մէջ, որոնցմէ շուրջ 200-ը ծնած են Երեւանի մէջ:

1200 աշակերտներ հիմնական եւ աւագ դպրոցներու մէջ:

480 ուսանողներ Երեւանի պետական համալսարաններուն մէջ:

Առաջին երկու խումբերուն ծախսերը կը հոգան Երեւանի քաղաքապետարանն ու ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւնը:

Երրորդ խումբի` համալսարաններու ուսանողներու ուսումնավարձերը կը հովանաւորեն  երեք կառոյցներ`

ՀՀ Կառավարութիւն

Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութիւն

ՀԲԸՄ

Ու այս բոլորը կ’ըլլան այնպէս, որ աջ ձեռքը չիմանայ ձախին ըրածը, եւ այն աստիճան համեստութեամբ, որ միլիոնաւոր հայեր անգամ անտեղեակ են, թերեւս` անտարբեր, եւ կ’ապրին Չորրորդ իշխանութեան լուծին տակ:

«Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոն» ՀԿ
Լենա Հալաճեան

 

Scroll Up