Յուշագիրի Ստորագրում ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան ՄԷջ

Օգոստոս 19-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ Նիտերլանտներու Թագաւորութեան Նայմեխէն քաղաքի Միացեալ հայերը Հոլանտայի մէջ մշակութային միութեան «Վան» մէկօրեայ դպրոցը` ի դէմս տնօրէն Սուետա Աբրահամեանի եւ Երեւանի Վազգէն Առաջինի անուան թիւ 168 հիմնական դպրոցը` ի դէմս տնօրէն Սոնա Գալստեանի, կարեւոր համարելով երիտասարդ սերունդի հայեցի կրթութեան եւ դաստիարակութեան գործին մէջ Հայաստանի եւ Սփիւռքի կրթական եւ մշակութային կառոյցներու միջեւ կապերու ընդլայնման, ծրագիրներու իրականացման նշանակութիւնը` կնքեցին յուշագիր:
Յուշագիրի ստորագրման արարողութեան ներկայ էին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան Եւրոպայի հայ համայնքներու վարչութեան պետ Կարէն Աւանէսեան, Համահայկական ծրագիրներու վարչութեան գիտակրթական ծրագիրներու բաժինի պետ Սիրվարդ Համբարեան, ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի մամլոյ խօսնակ Սէյրանուհի Գեղամեան, ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Հայերն այսօր» ելեկտրոնային պարբերականի գլխաւոր խմբագիր Լուսինէ Աբրահամեան, Երեւանի քաղաքապետարանի աշխատակազմի հանրակրթութեան վարչութեան գլխաւոր մասնագէտ Սուսաննա Գասպարեան, նախարարութեան աշխատակիցներ:
Ներկայացնելով երկու դպրոցներու գործունէութիւնը` Համահայկական ծրագիրներու վարչութեան գիտակրթական ծրագիրներու բաժինի պետ Սիրվարդ Համբարեան նշեց, որ Նայմեխէն քաղաքի «Վան» մէկօրեայ դպրոցը, որ պարբերաբար կը դառնայ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան համահայկական մրցանակաբաշխութեան մրցանակակիր, Սփիւռքի մէջ կարեւոր առաքելութիւն կ’իրականացնէ, իսկ Երեւանի Վազգէն Առաջինի անուան թիւ 168 հիմնական դպրոցը մայրաքաղաքի այն կրթօճախներէն է, որ սերտ կը համագործակցի Սփիւռքի նախարարութեան հետ` պարբերաբար իր յարկին տակ հիւրընկալելով նախարարութեան տարբեր ծրագիրներու մասնակիցները:
Երեւանի քաղաքապետարանի աշխատակազմի հանրակրթութեան վարչութեան գլխաւոր մասնագէտ Սուսաննա Գասպարեան Երեւանի քաղաքապետարանին կողմէ շնորհաւորելով եւ բեղմնաւոր աշխատանք մաղթելով դպրոցի տնօրէններուն` յոյս յայտնեց, որ այսուհետ երկու դպրոցներուն միջեւ կապերը առաւել համակարգուած կ’ըլլան եւ կեանքի կը կոչուին նորանոր ծրագիրներ:
Սուետա Աբրահամեան եւ Սոնա Գալստեան իրենց շնորհակալական խօսքին մէջ նշեցին, որ յուշագիրը առաւել կը սերտացնէ երկու դպրոցներու միջեւ կապերն ու համագործակցութեան նոր էջ կը բանայ: