Երևանը Ապրելու Եւ Աշխատելու Համար Աշխարհի Ամենամատչելի 10 Քաղաքներու ցանկին Մէջ

Աշխարհի յառաջատար Fastcompany.com լրատուամիջոցը հրապարակած է 10 քաղաքներու ցանկը, որոնք մատչելի են արտասահմանի մէջ ապրելու եւ աշխատելու համար:

Այդ քաղաքներուն մէջ է նաեւ Երեւանը:

«Ինտոնեզիայի  ծովափներէն մինչեւ Հայաստանի գեղատեսիլ լեռներ: Շատ ֆրիլանսերներ եւ գործարարներ յաճախ կը փախչին իրենց լուսաւոր գրասենեակներէն եւ արտերկրի մէջ աշխատանք կը գտնեն` փնտռելով աւելի քիչ «աւանդական գրասենեակներ»: Ես նման մարդոց հանդիպած եմ, ես անոնցմէ մէկն եմ»,- Արցախփրէսի փոխանցմամբ՝ կը գրէ յօդուածագիրը:

Անդրադառնալով Երեւանին` յօդուածի հեղինակը կը նկատէ, որ վերջերս արձանագրուած տնտեսական վերելքը Երեւանի սրճարանները լեցուցած է օտարերկրեայ աշխատակիցներով:

Ապրելու եւ աշխատելու համար 10 մատչելի քաղաքներու ցանկին մէջ յայտնուած են նաեւ Պանքոգը (Թայլանտ), Չիանկ Մայը (Թայլանտ), Թայփէյը (Թայուան), Ուպուտ Պալին (Ինտոնեզիա), Ֆուքեթը (Թայլանտ), Եոհոր Պահրուն (Մալայզիա), Պելկրատը (Սերպիա), Քուիտոն (Էքուատոր), Հօ Շի Մին Սիթին (Վիեթնամ):

 

 

 

 

Scroll Up