Ստորագրահաւաք Միհրան Յարութիւնեանի Ոսկի Մետալը Վերականգնելու Պահանջով
Հանրագիր-պահանջներու միջազգային Change.org կայքին մէջ ստորագրահաւաք սկսած է Ռիօ տէ Ժանէյրոյի 31-րդ Ողիմպիական խաղերու յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի Օգոստոս 16-ին կայացած եզրափակիչին սերպ ըմբիշ Տաւոր Շտեֆանեկի հետ մենամարտին հայ ըմբիշ Միհրան Յարութիւնեանին յանիրաւի պարտութիւն արձանագրելու արդիւնքով կորսնցուցած ոսկի մետալը վերականգնելու պահանջով:
Կայքին մէջ տեղադրուած խնդրագիրը այս պահի դրութեամբ արդէն ունի 26 908-էն աւելի ստորագրութիւն: Նախաձեռնութեամբ Ըմբշամարտի միջազգային ֆետերացիայի եւ ՄՕԿ-ի նախագահ Թոմաս Պախին կոչ կ’ուղղուի վերականգնել արդարութիւնը:
«Մարզանքի մէջ արձանագրուած իւրաքանչիւր անարդարութիւն ստուեր կը նետէ Ողիմպիական խաղերուն վրայ: Ռիօ տէ Ժանէյրոյի Ողիմպիական խաղերու կազմակերպիչները պէտք է միանան այս խնդրագիրին եւ միջոցներ ձեռնարկեն արդարութիւնը վերականգնելու ուղղութեամբ: Ռիօ տէ Ժանէյրոյի իրականացուող 31-րդ Ողիմպիական խաղերու յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի եզրափակիչին` սերպ ըմբիշ Դաւոր Շտեֆանեկի հետ մենամարտի ժամանակ, հայ ըմբիշ Միհրան Յարութիւնեան զրկուեցաւ ոսկի մետալէն կանխակալ մրցավարութեան պատճառով: Ատիկա խայտառակութիւն է յունահռոմէական ըմբշամարտին համար: Ողջ աշխարհը դարձաւ այն փաստի վկան, թէ, իրականութեան մէջ, ով է ախոյեանը», – «Հայերն այսօր»-ի փոխանցմամբ` կը նշուի խնդրագիրին մէջ:
Յարգելի հայրենակիցներ, հանրագիր-պահանջին կրնաք միանալ հետեւեալ յղումով change.org