Հակառակորդը Հայ Դիրքապահներու Ուղղութեամբ Արձակած Է Աւելի Քան 225 Կրակոց

Օգոստոս 18-ի լոյս 19-ի գիշերը ղարաբաղա-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծին վրայ հակառակորդը հրադադարի պահպանման կարգը խախտած է 21 անգամ, որուն ընթացքին, տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ, հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակած է աւելի քան 225 կրակոց:
Ինչպէս կը տեղեկացնէ ԼՂՀ ՊՆ մամլոյ ծառայութիւնը, յառաջապահ զօրամասերը պահպանած են հրադադարի կարգը եւ շարունակած վստահօրէն իրականացնել մարտական դիրքերու յուսալի պահպանութիւնը: