Պուլկարիոյ Փազարճիկ Քաղաքին ՄԷջ Խաչքար Պիտի Տեղադրուի

Պուլկարիոյ Փազարճիկ քաղաքի նորակառոյց Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ բակին մէջ խաչքար կը տեղադրուի: Խաչքարի հեղինակը երիտասարդ խաչքարագործ Արտակ Համբարձումեանն է, որուն աշխատանքները կարելի է հանդիպիլ ինչպէս Հայաստանի, այնպէս ալ` արտերկրի մէջ:

«Խաչքար կերտելու առաջարկը ստացած եմ փլովտիւաբնակ երկու ընկերներ Յարութիւն Ֆէսչեանի եւ Արման Սիւլեմէզեանի կողմէ: Եկեղեցին կառուցելու ժամանակ անոնք ուխտած են եկեղեցւոյ բակին մէջ տեղադրել հայկական խաչքար»,-culture.am-ի փոխանցմամբ` նշած է Ա. Համբարձումեան:

Վարպետը խաչքարը կերտած է մօտ երկու ամսուան մէջ:

«Խաչքարագործութիւնը  ամբողջ դպրոց մըն է:  Ատիկա ինծի կ’ոգեշնչէ, որպէսզի այդ մեծ ժառանգութիւնը, որ խաչքարագործներուս համար կը հանդիսանայ նաեւ դպրոց, պահպանեմ ու շարունակեմ, նորովի մատուցեմ մեր հասարակութեան եւ մեր ապագայ սերունդին»:

Բացի այդ, խաչքարագործը կը կազմակերպէ վարպետութեան անվճար դասեր, որուն ծիրէն ներս կը ներկայացնէ խաչքարի կերտման արուեստը, ծագումը, իմաստաբանութիւնը եւ նշանակութիւնը:

 

Scroll Up