Եուրա Մովսիսեան` 13-րդ Շրջանի Ամենաարդիւնաւէտ ֆութպոլիստներու եռեակին Մէջ

Մոսկուայի «Սպարտակի» եւ Հայաստանի հաւաքականի յարձակող Եուրա Մովսիսեան «Чемпионат»-ի կողմէ կազմակերպուած քուէարկութեան որպէս արդիւնք ճանչցուած է Ռուսաստանի առաջնութեան 13-րդ շրջանի երրորդ ամենաարդիւնաւէտ
ֆութպոլիստը:
Ամենաարդիւնաւէտ (MVP) խաղցող ճանչցուած է Մոսկուայի «Լոկոմոտիվի» եւ Ռուսաստանի հաւաքականի կիսապաշտպան Ալեքսանտր Սամեդովը: Ան ստացած է 7 միաւոր: Երկրորդ տեղին է Ս. Փեթերսպուրկի «Զէնիթի» եւ Պրազիլի հաւաքականի յարձակող Հալկը:
Յիշեցնենք, որ Մախաչկալայի «Անժիի» հետ կը խաղայ Եուրա Մովսիսեանի կոլի շնորհիւ «Սպարտակը» յաղթեց նուազագոյն հաշուով:
NEWS.am Sport