Պատալեան, Պօղոսեան, Ներսէսեան Եւ Աշճեան Պիտի Մեծարուին Ոսկրածուծի Հայկական Հիմնարկի Ձեռնարկին Ընթացքին

Ոսկրածուծի նուիրատուներու հայկական հիմնարկի (ABMDR) տարեկան 17րդ ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, Օգոստոս 28ին, երեկոյեան ժամը 5էն սկսեալ, Կլենտէյլի «Հիլթըն» պանդոկի սրահին մէջ (100 West Glenoaks Boulevard, Glendale, California 91202):

Ձեռնարկին գլխաւոր հովանաւորն է Կլենտէյլի «Էտվենթիսթ» բժշկական կեդրոնը:

Այս տարի, հիմնարկին կողմէ պիտի մեծարուին հետեւեալները.

Տոքթ. Նուպար Պօղոսեան («Տարուան Մարդը»), Ալվարդ Պատալեան («Տարուան Կինը»), Սոնիա Ներսէսեան եւ իրաւաբան Թամարա Աշճեան («Տարուան Կամաւորները»), Վահան եւ Անուշ Շամլեան Ազգային վարժարանը («Տարուան Կազմակերպութիւնը»), Ոսկրածուծի նուիրատուներու հայկական հիմնարկի Նիւ Ինկլընտի քայլարշաւի խումբը («Տարուան Խումբը»), «Սոֆթ Լայն Սոլուշընզ»ը («Տարուան Հաստատութիւնը») եւ Թերեզա Յակոբեան («Կեանքի Մը Իրագործում»):

Երեկոյի հանդիսավարն է Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի Հայագիտական հիմնարկի վարիչ Սալբի Ղազարեան, իսկ անոր ներկայ պիտի ըլլան մեծ թիւով համայնքային ղեկավարներ, պետական պաշտօնատարներ ու կազմակերպութեանց եւ հիւանդանոցներու ներկայացուցիչներ։ Ծրագրուած է նաեւ գեղարուեստական ճոխ յայտագիր։

Յաւելեալ տեղեկութիւններու կամ տեղեր ապահովելու համար, դիմել (818) 919-2686, (818) 231-9501, կամ (626) 695-9899 թիւերուն, abmdrla@sbcglobal.net հասցէին, կամ այցելել www.abmdr.am կայքը։

Այս մասին կը յայտնէ Ասպարէզ:

Scroll Up