Հրատարակիչ Ռակըպ Զարաքօլուի տունը խուզարկութեան ենթարկուեցաւ

«Էօզկիւր կիւնտէմ» թերթի փակումէն եւ թերթի տեղակայուած շէնքին մէջ խուզարկութիւն ընելէ ետք, ոստիկանները խուզարկութիւն ըրին նաեւ հրատարակիչ, լրագրող, գրող ու մարդու իրաւունքներու պաշտպան Ռակըպ Զարաքօլուի պաշտօնապէս գրանցուած տան մէջ: Զարաքօլու գրանցուած է իր որդւոյն՝ Սինան Զարաքօլուի տան հասցէի տակ: Տրուած ըլլալով որ Սինան Զարաքօլու տունը չէր, ոստիկանութիւնը դուռը կոտրելով տունէն ներս մտած եւ ձեռք դրած է բոլոր գիրքերուն վրայ՝ հաւաքելով զանոնք:

 Ռակըպ Զարաքօլու «դիմատետր»ի իր էջին վրայ հետեւեալը գրեց պատահածին մասին. «Ես կը բողոքեմ «Էօզկիւր կիւնտէմ» թերթը փակելու եւ որդւոյս տան մէջ կատարուած բարբարոսական խուզարկութեան դէմ: Մեր թերթի հրատարակութեան տնօրէն Էրէն Քէսքինի եւ սիւնակագիր Ֆիլիզ Քօչալիի տան մէջ ալ խուզարկութիւններ կատարուած են: Որդիս արձակուրդի մեկնած էր, տրուած ըլլալով որ գրանցուած եմ անոր տան հասցէին տակ, այսօր յետմիջօրէի ժամերուն աւազակախումբ մը, որ կը պնդէ, թէ ոստիկաններ են, կոտրած է երկաթեայ դուռը եւ խուզարկութիւններ կատարած է հոն, հաւաքելով հայոց, պոնտոսցի յոյներու եւ ասորիներու ցեղասպանութիւններու մասին իմ կողմէ թարգմանուած ու հրատարակուած գիրքերը, զորս նուիրած էի որդւոյս»:

Այս մասին կը յայտնէ Հորիզոն:

Scroll Up