Պուլկարահայոց Թեմէն Ներս Շուքով Տօնախմբուեցաւ Սուրբ Աստուածածնայ Վերափոխման Տօնը. լուսանկարներ

Օգոստոս 14-ին Պուլկարահայոց թեմէն ներս մեծ շուքով կատարուեցաւ Աստուածածնայ Վերափոխման տօնը: Տօնը ուղեկցուեցաւ Սուրբ Պատարագով եւ Խաղողօրհնէքի արարողութեամբ: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն Պուլկարիոյ Հայոց թեմի մամլոյ դիւանէն:
Պուլկարիոյ գործող եկեղեցիներէն երեքին` Առաջնորդանիստ Սոֆիայի, Ռուսէի եւ Շումէնի համար օրը կրկնակի տօնական էր, քանի որ այն հաւասարապէս նաեւ Սուրբի անունը կրող եկեղեցիներու ուխտի օրն էր: Պուլկարահայոց թեմէն ներս, ընդհանրապէս, Աստուածածնայ Վերափոխման տօնը տեղի կ’ունենայ առանձնակի հանդիսաւորութեամբ` նախապատրաստութեամբ, բազմամարդ ուխտաւորներով եւ մատաղօրհնէքով:
Սոֆիայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագը մատուցեց Պուլկարահայոց թեմի հոգեշնորհ առաջնորդ Տ. Իսահակ վարդապետ Պօղոսեան: Իր քարոզին մէջ Առաջնորդ հայրը խօսեցաւ տօնի խորհուրդին մասին, շնորհաւորեց ներկայ հաւատաւոր հայորդիներուն Սուրբ Վերափոխման տօնին եւ եկեղեցւոյ ուխտի օրուան առիթով` մասնաւորապէս նշելով. «Տիրոջ Սուրբ Ծննդեան առիթով տրուած աւետիսին Աստուածածինը մնաց հաւատարիմ. «Ահաւասիկ, ես կը մնամ Տիրոջ աղախինը», եւ այս հաւատարմութիւնը շարունակական եղաւ ողջ կեանքի համար: Այս հաւատարմութիւնը օրինակ եղաւ եւ օրինակ է մեր մայրերուն ու քոյրերուն համար, որովհետեւ մենք կը սպասենք անոնցմէ աշխարհին, եւ յատկապէս մեր ժողովուրդին համար, նոր փրկիչներ: Որոնք պիտի ըլլան Աստուծոյ հետ հանդիպելու մեր երաշխաւորները, եթէ ոչ դուք, սիրելի՛ մայրեր-քոյրեր: Ուրկէ եւ որմէ մենք կրնանք ակնկալել օրինակ եւ սկզբունք, եթէ ոչ Սուրբ Տիրամայրէն …»:
Սուրբ Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ Խաղողօրհնէք, որմէ ետք օրհնուած ողկոյզներն ու մատաղը բաժնուեցան հաւատացեալներուն: