«Եւրոպային Անքակտելի Մաս Կը Կազմէ Հայաստանը» Հաստատեցին Խորհրդաժողովին Ներկայ Եղող Եւրոերեսփոխաններն Ու Հիւրերը
Պրիւքսելի մէջ հոկտեմբեր 14-15, ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբին (ԵՀԴՅ) կազմակերպութեամբ, տեղի ունեցաւ Եւրոպահայութեան երրորդ համագումարը: Առաջին համագումարը գումարուած էր 2004-ին, երկրորդը` 2007-ին:
Երկու օրերու օրակարգերուն քննարկման ընթացքին օտար երեսփոխաններ, քաղաքագէտներ եւ մասնագէտներ, ինչպէս նաեւ Եւրոպայի զանազան գաղութներու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ քննարկեցին Հայաստանի եւրոպական համարկման հարցին տարբեր երեսները, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան յառաջընթացը, Եւրոպայի հայ գաղութներուն դիմագրաւած դժուարութիւններն ու կարողականութիւնը, Հայոց ցեղասպանութեան հատուցման եւ իրաւունքներու հետապնդման նոր քաղաքականութեան մը մշակումի հարցերը:
Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան այս առիթով ըսաւ. «Եւրոպահայութեան Գ. համագումարը պատմական կրնանք համարել այն առումով, որ Պրիւքսելի մէջ, եւ յատկապէս Եւրոխորհրդարանին մէջ մէկտեղուած Հայաստանի, Արցախի, սփիւռքի կրօնական եւ հասարակական-քաղաքական ներկայացուցիչներ միաձայնութեամբ իրենց վճռակամութիւնը յայտնեցին ի շահ Հայաստանի զարգացման, Արցախի ճանաչման եւ սփիւռքի գոյատեւման սրբազան առաքելութեանց»:
Համագումարին ներկայ եղան` Պելճիքայէն, Շուէտէն, Ֆրանսայէն, Հոլանտայէն, Էսթոնիայէն, Իտալիայէն, Պուլկարիայէն, Գերմանիայէն, Յունաստանէն, Կիպրոսէն, Սպանիայէն, Ռումանիայէն, Անգլիայէն, Չեխիայէն, Սլովաքիայէն, Աւստրիայէն, Ռուսիայէն հայ համայնքներու աւելի քան հարիւր եօթանասուն ներկայացուցիչներ եւ անհատներ, ինչպէս նաեւ` Հայաստանի Հանրապետութենէն, Արցախէն ու Ջաւախքէն մասնակիցներ, հայկական ու օտար մամուլի ներկայացուցիչներ:
Առաջին օրուան ծրագիրը տեղի ունեցաւ քաղաքի վերանորոգուած «Հայ տուն»-ին մէջ: Երկուշաբթի ժամը 10:00-ին համագումարին բացումը կատարեց Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան, որմէ ետք խօսք առաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի խորհուրդի (Հայ դատի գրասենեակներու եւ յանձնախումբերու համակարգող) նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը:
Ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեանը, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը եւ Ֆրանսայի հայոց թեմակալ առաջնորդ Նորվան արք. Զաքարեանը` իբրեւ ներկայացուցիչ ամենայն հայոց կաթողիկոսին:
ԼՂՀ պատուիրակութեան մաս կը կազմէին` փոխվարչապետ Արթուր Աղաբէկեանը, արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեանը, ԼՂՀ նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Դաւիթ Բաբայեանը, Պելճիքայի մէջ ԼՂՀ մնայուն ներկայացուցիչ Վարդան Բարսեղեանը, Ֆրանսայի մէջ ԼՂՀ մնայուն ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեանը: Ներկայ էին նաեւ ԵԱՀԿ-ի մօտ Վիեննայի մէջ Հայաստանի դեսպան Արման Կիրակոսեանը, ՕԹԱՆ-ի մօտ Հայաստանի դեսպանի ներկայացուցիչ Վարազդատ Պահլաւունին: Ներկայ էր նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան Եւրոպայի բաժնի պետ Հրաչեայ Ասլանեանը:
Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան բացման խօսքին մէջ շեշտեց եւրոպահայ ազգային ներուժի կազմակերպման եւ արդիւնաբեր աշխատանքի անհրաժեշտութիւնը` Հայաստանի, Արցախի եւ հայութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրներու դիմագրաւման մէջ: Ան շեշտեց, որ երկու օրուան ընթացքին կը քննարկուին հայութիւնը յուզող հարցերը` Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակին ընդառաջ: Օրակարգերուն աւելցուած են Ջաւախքի հայութեան եւ սուրիահայութեան հրատապ խնդիրներուն նուիրուած զեկուցումներ:
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ Հայ դատի յանձնախումբերու համակարգող Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը բարի գալուստ մաղթեց բոլորին` Եւրոպահայութեան Գ. համագումարին: Ան անդրադարձաւ մեր ազգային հարցերը համակարգելու անհրաժեշտութեան` նշելով, թէ նման հաւաքներ կը հանդիսանան կազմակերպուելու եւ հարցերու խորաթափանց քննարկելու առիթներ:
Ֆրանսայի առաջնորդ Նորվան արք. Զաքարեանը նշեց, թէ մեր ժողովուրդը անցած տարիներուն ընթացքին ապացուցած է, որ չի պարտուիր, որքան ալ դժուարին կացութիւններու մատնուած ըլլայ: Այս կը նշանակէ, թէ ճշմարտութիւնն ու արդարութիւնն են, որ չեն պարտուիր: Ան աւելցուց, որ մեր եկեղեցին մարդկային բարձր արժէքներով կը դաստիարակէ իր զաւակները, որպէսզի անոնք երբեք չընկրկին դժուարութիւններուն առջեւ:
Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեանը առաջնահերթ նկատեց ազգային անվտանգութեան խնդիրները: Ան նշեց, թէ այսօր կը դիմագրաւենք շրջափակում եւ յարձակողապաշտութիւն, ներքին խնդիրներ, Մերձաւոր Արեւելքի մէջ իրավիճակի բերումով բարդացած կացութիւններ եւ բազմապիսի մարտահրաւէրներ` Հայաստանի եւ Արցախի մէջ: Ան աւելցուց, որ մեր հիմնական գրաւականներէն մէկը կը հանդիսանայ Եւրոպական Միութեան հետ Հայաստանի մերձեցումը: «Բայց ոչինչ ամբողջական կը լինի առանց համայն հայութեան ուժին: Օգտագործենք մեր ներուժը: Մենք հպարտ ենք, որ այսօր գոյութիւն ունին տարածաշրջանի մէջ երկու հայկական պետութիւններ: Այսօր աշխարհի տարբեր խորհրդարաններու ներկայացուցիչներ կ՛այցելեն Արցախ` ճանչնալով, որ Արցախի ժողովուրդը ազատ ապրելու իրաւունք ունի եւ բոլորի ճանաչման արժանի է», ըսաւ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահը` եզրափակելով, թէ Լեռնային Ղարաբաղի անվտանգութենէն կախուած են Հայաստանի անվտանգութիւնն ու ապահովութիւնը:
ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեան նշեց, թէ Արցախի պետութիւնը առանձնակի կարեւորութեամբ կը դիտէ Եւրոպայի հայութեան հետ շփումի հարցը ու անոր աշխուժ մասնակցութիւնը Արցախի զարգացման գործին: Ան անհրաժեշտ նկատեց պահպանել եւ զարգացնել համագործակցութիւնը` գիտակցելով, թէ ամբողջ հայութեան համար Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչումը ունի մեծ նշանակութիւն: Ան անդրադարձաւ Միացեալ Նահանգներու չորս նահանգներու եւ Աւստրալիոյ Նոր Ուելս նահանգին կողմէ Արցախի ճանաչման փաստի յաջողութեան` նշելով, թէ նոյն քաղաքական մակարդակը պէտք է պահպանուի Եւրոպայի երկիրներու հետ եւս: Նախագահ Սահակեան ընդգծեց, որ անընդհատ զարգացող եւ փոփոխուող աշխարհը կը թելադրէ համապատասխան շտկումներ մտցնել նաեւ սփիւռք-Արցախ համագործակցութեան մէջ` պահպանելով եւ աւելի խորացնելով ձեւաւորուած աւանդական փոխգործակցութեան տարրերը` միեւնոյն ժամանակ յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով նոր ուղղութիւններուն եւ գաղափարներուն վրայ:
Այս պարունակին մէջ Բակօ Սահակեան առանձնացուց սփիւռքի տարբեր կազմակերպութիւններու եւ Արցախի ու Հայաստանի շահագրգիռ կառոյցներու միջեւ համակարգուած աշխատանքին կարեւորութիւնը` ԼՂՀ միջազգային ճանաչման, երկկողմ յարաբերութիւններու հաստատման, Արցախը աւելի ճանաչելի դարձնելու, մեր երկիրը իբրեւ անվտանգ եւ կայուն զարգացող պետութիւն ներկայացնելու, ներդրումներու համար ամենագրաւիչ ոլորտներն ու ծրագիրները պատշաճ կերպով մատուցելու եւ կեղծիքի ու սուտի վրայ հիմնուած հակառակորդին կողմէ տարուող սադրիչ քաղաքականութեան արձագանգելու ուղղութիւնները:
Արամ Ա. վեհափառ իր խօսքին մէջ ըսաւ, թէ Եւրոպան կարեւոր տարածաշրջան մըն է մեզի համար: «Հաւաքական արժէքներ, հաւաքական շահեր, հին դարերէն սկսեալ մեզ կապած են Եւրոպային: Հետեւաբար նման հաւաքներ Եւրոպայի մէջ ես կը նկատեմ թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Հայ դատի զօրացման նախապայմաններ»:
Ան երեք կէտերու մէջ ամփոփեց իր խորհրդածութիւնները.
«Ա.- Յիսնամեակէն ետք Հայոց ցեղասպանութեան, Հայ դատի աշխատանքները երեք ուղղութիւն ստացան. Հայ դատի այժմէականացում, քաղաքականացում եւ միջազգայնացում: Այս երեք բառերը սոսկ լոզունգներ չեղան: Անցնող տասնամեակներու ընթացքին մեր կուսակցութիւնները, մեր Հայ դատի մարմինները սքանչելի գործ կատարեցին այդ ուղղութեամբ եւ այսօր կարեւոր իրագործութիւններ կատարուած են: Այսօր Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը միջազգային օրակարգի հարց կը կազմէ, քաղաքական ծիրէն ներս մուտք գործած է, փաստօրէն դարձած է այժմէական քաղաքական եւ միջազգային հարց: Ես կը խորհիմ, որ ժամանակն է, որպէսզի մենք իբրեւ ազգ, պետութիւն, Հայ դատի մարմիններ, առանց անտեսելու ճանաչման հարցը, յատուկ շեշտ դնենք հատուցման վրայ: Հատուցում եւ Ճանաչում զիրար կ՛ամբողջացնեն:
«Բ.- Մենք որպէս ազգ պիտի գիտնանք` ե՛րբ միաձայն պիտի խօսինք եւ ե՛րբ բազմաձայն: Մէկը միւսը չի հակասեր, մէկը միւսը կ՛ամբողջացնէ, ներդաշնակութիւն կ՛ուզենք ստեղծել մեր կեցուածքին մէջ: Իւրաքանչիւրը կրնայ իր շեշտը ունենալ, բայց մենք միաձայն պէտք է ըլլանք:
«Գ.- Մենք կը գտնուինք հարիւրամեակի սեմին: Հարիւրամեակը միայն ձեռնարկներու ամբողջութիւն մը պէտք չէ ըլլայ: Մենք հարիւր տարի մոմ վառեցինք, հարիւր տարի հոգեհանգիստ ըրինք: Բնականաբար պիտի շարունակենք: Սակայն վա՜յ մեզի, երբ հարիւր տարիներ յետոյ նոյն ընթացքը շարունակենք: Տարբեր մօտեցում, տարբեր ոճ, տարբեր ռազմավարութիւն, տարբեր մարտավարութիւն պէտք է որդեգրենք: Ա՛յս է մարտահրաւէրը հարիւրամեակին: Յուսախաբ չդարձնենք մեր նոր սերունդը, այլ նոր ոճ տանք մեր պահանջատիրութեան», ըսաւ վեհափառը` եզրակացնելով, թէ մեր Դատը պէտք է ներկայացուի երեք հիմնական շրջագծերու մէջ` Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան, Միջազգային դատական ատեանին եւ Եւրոպայի Մարդկային իրաւանց ատեանին մօտ:
Ողջոյնի խօսքերէն ետք տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու յանձնում` Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի նուիրատուներուն եւ բարեկամներուն: Գասպար Կարապետեան շնորհակալութեան եւ գնահատանքի խօսք ուղղեց բարերարներուն` նշելով, թէ առանց իրենց օժանդակութեան` անկարելի պիտի ըլլար աշխատանքները լիովին կատարել: Յուշանուէրներ տրուեցան` Րաֆֆի Ասլանեանին (Պելճիքա), Գաբրիէլ Չեմպերճիին (Սուրիա, Հայաստան), «Փիւնիկ» հիմնադրամին (Հայաստան), Ներսէս Օհանեանին (Գերմանիա), Սուրէն Օհանեանին (Գերմանիա), Պրայան Ֆերային (Գերմանիա), Անտրէ Կիւմիւրճեանին (Պելճիքա) եւ Ալեքօ Պեզիկեանին (Իտալիա, Զուիցերիա):
Սուրիահայութեան Շտապ Օգնութեան
Եւ Վերականգնումի Մարմինին Դիմումը
Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան կարդաց Սուրիահայութեան շտապ օգնութեան կեդրոնական մարմինին նամակը` ուղղուած համագումարին, ուր կը ներկայացուէին մեր հայրենակիցներուն դիմագրաւած դժուարութիւնները եւ կոչը` եւրոպահայութեան, որ օժանդակէ տնտեսապէս ներկայիս ահաւոր վիճակի մէջ գտնուող սուրիահայ համայնքին: Գ. Կարապետեան ամփոփ ձեւով ներկայացուց Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբին կատարած աշխատանքներն ու պահած յարաբերութիւնները թէ՛ նիւթական օժանդակութիւն ապահովելու Եւրոպական Միութեան կողմէ եւ թէ՛ սուրիահայութեան ֆիզիքական ապահովութիւնն երաշխաւորելու: Ան յորդորեց, որ ժողովի աւարտէն ետք, երբ բոլորը կը վերադառնան իրենց երկիրները, զարկ տան ու վերաշխուժացնեն սուրիահայութեան օժանդակութեան ի նպաստ տարուած աշխատանքը` հասնելու համար մեր հայրենակիցներու կարիքներուն:
Ստորեւ` Սուրիահայութեան շտապ օգնութեան եւ Վերականգնումի մարմինին նամակին բովանդակութիւնը.
Սիրելի՛ ազգակիցներ,
Որքան դժուար է քանի մը բառերով ու սահմանափակ նախադասութիւններով կարենալ ամփոփել աւելի քան երկու տարիէ ի վեր, Սուրիական տագնապին պատճառով, սուրիահայութեան ապրած արհաւրալից օրերը:
Սուրիահայ համայնքին նման համայնք մը, որ հարիւրամեակ մը առաջ ապրած էր իր ազգի ցեղասպանութեան ու տեղահանութեան դառնութիւնը, սակայն արիութեամբ տէրը կանգնած էր իր ազգային արժէքներուն` իր լեզուին, կրօնին եւ մշակոյթին, անտարակոյս, որ այս դաժան պայմաններուն մէջ եւս պիտի տոկար եւ տէրը պիտի կանգնէր իր պատմութեան, ժողովուրդին, հոգեւոր ու նիւթական արժէքներուն:
Տագնապի առաջին իսկ օրերէն Սուրիոյ մակարդակին եւ համահայկական ծաւալով հարցերու ու խնդիրներու քննարկման, եզրայանգման ու լուծման համար կազմուեցաւ Սուրիահայութեան շտապ օգնութեան եւ վերականգնումի մարմինս, որ հայահոծ շրջաններու մէջ` Հալէպ, Դամասկոս, Լաթաքիա, Քեսապ, Գամիշլի, իր յառաջացուցած գործադիր մարմիններու ճամբով, ի գործ դրաւ առողջապահական, սննդեղէնի եւ բնակարանային վնասներու հատուցման օժանդակութեան ծրագիրները, միաժամանակ իր անմիջական նախաձեռնութեամբ օժանդակեց Սուրիոյ հայկական բոլոր կրթական օճախներուն:
Երկուքուկէս տարուան ընթացքին արձանագրուեցան տասնեակներով հայ զոհեր ու նահատակներ, աւելի քան հարիւր վիրաւոր, նմանաթիւ առեւանգեալներ, ազգային, կրօնական, մշակութային թէ մարզական կառոյցներու վնասներ եւ անձնական ինչքերու կորուստներ:
Երկրի քաղաքական, ապահովական եւ տնտեսական պայմաններու հետզհետէ վատթարացումով սաստկացան ժողովրդային կարիքներն ու պահանջները:
Աշխարհասփիւռ մեր հայրենակիցները անտարբեր չմնացին ու ընթացք առին սուրիահայութեան օժանդակութեան աշխատանքները, որոնցմէ նաեւ` Եւրոպայի հայկական համայնքներու օժանդակութիւնները:
Շնորհակալ ըլլալով հանդերձ օժանդակող բոլոր կողմերուն, կ՛արձանագրենք, որ մեր ապրած ծանր տագնապի երկուքուկէս տարուան ընթացքին մարմինիս հասած օժանդակութիւնները (որոնց գումարը նամակիս թուականին կը կազմէ մօտաւորապէս 1.700.000 ամերիկեան տոլար) շրջանի հայութեան կարիքները բաւարարող չէին: Մեր դիմագրաւած ֆիզիքական եւ կենցաղային չափազանց դժուար պայմանները կը շարունակուին եւ օժանդակութիւններու անբաւարարութեան պատճառով մնացած չնչին գումարը տնօրինելու լուրջ խնդիր ունինք այսօր:
Դժբախտաբար կացութեան բարեփոխման նշոյլները տակաւին երեւելի չեն դառնար, իսկ ազգիս զաւակներուն ֆիզիքական գոյութեան սպառնացող վտանգները անբաղձալիօրէն կը ցցուին մեր դիմաց` ահազանգելով շտապօրէն օգնութեան փութալու անհրաժեշտութիւնը:
Այսօր, մեծ յուզումով, սակայն բարձր գնահատանքով կը դիտենք Եւրոպայի հայութեան Գ. համագումարի օրակարգին վրայ տեղ գտած սուրիահայութեան խնդրին եւ յանուն ժողովուրդիս բարօրութեան կը յուսանք, որ Սուրիոյ մէջ ապրող սուրիահայութեան վիճակին իսկական պատկերը համագումարդ իր տրամադրութեան ներքեւ ունենալով` կը ջանայ առաւելագոյնս իր նիւթական ներդրումը ցուցաբերել օժանդակութեան մեր աշխատանքներուն:
Կանխայայտ շնորհակալութեամբ,
Յաջողութեան լաւագոյն մաղթանքներով`
ՍՈՒՐԻԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՇՏԱՊ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ
ԵՒ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄԻ ՄԱՐՄԻՆ
Յատուկ Զեկոյցներ
Խորհրդաժողովը շարունակուեցաւ յատուկ նիւթերու շուրջ զեկուցումներով եւ զրոյցներով: Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակին կողմէ զեկուցաբերներու ներկայացումը կատարեց Պետօ Տեմիրճեանը` առաջին հերթին հրաւիրելով Եւրոպայի հայերու միութեան ֆորումի նախագահ Աշոտ Գրիգորեանը (Սլովաքիա), որ ներկայացուց ՄԱԿ-ի մէջ հայկական յուշակոթողներու մասին տարուած աշխատանքը, ապա Գագիկ Մելիքեանը (Ռուսիա) խօսեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան վկայութիւններ պարունակող «Armenian Genocide by Ottoman Turkey, 1915, Testimony of Survivors, Collection of Documents» անգլերէն իր հրատարակութեան մասին:
Նոյն օրը Ջաւախքի հայկական հասարակական կազմակերպութիւններու խորհուրդի համակարգող Արտակ Գաբրիէլեանին կողմէ ներկայացուեցան ջաւախահայութեան դիմագրաւած քաղաքական, ընկերային-տնտեսական, կրթական եւ հոգեւոր կեանքի դժուարութիւններն ու երկրամասին մէջ իրավիճակը, որմէ ետք տեղի ունեցած զրոյցը յանգեցաւ այն եզրակացութեան, թէ նպատակայարմար է մօտիկ ապագային հրաւիրել յատուկ խորհրդաժողով մը` ջաւախահայութեան հարցերուն շուրջ:
Ցեղասպանութեան 100-ամեակի Նախօրէին Առնուելիք
Քաղաքական Քայլեր Եւ Կազմակերպուելիք Ձեռնարկներ
Յաջորդաբար կլոր սեղանի զրոյց տեղի ունեցաւ Գերմանիոյ Պոխում համալսարանի սփիւռքներու եւ ցեղասպանութեանց ուսմանց հիմնարկի վարիչ Միհրան Տապաղի եւ ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի տնօրէն Կիրօ Մանոյեանի մասնակցութեամբ: Զրուցավարն էր Կիպրոսի հայկական «Արձագանգ» ամսագրի խմբագիր Արթօ Դաւիթեանը:
Փրոֆ. Տապաղ խօսեցաւ ցեղասպանութեանց յիշողութեան քաղաքականութեան մասին: Ան դիտել տուաւ, թէ պէտք է ստեղծել մեր ուրոյն եզրոյթները եւ ոչ թէ օգտագործել օտարներու պայմաններով ստեղծուած եզրոյթները: Նշեց, թէ անհրաժեշտ է Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման մեր ջանքերը մտաւորականացնել ու ստեղծել մտածողութեան վայրեր, որպէսզի հայ մտաւորականը եւ հայ գիտնականը ունենան իրենց տեղը` մտածելու, զրուցելու, վիճարկելու: Ան զգուշացուց, որ հայ մտաւորականը դուրս ձգուած է մեր քաղաքական կեանքէն: «Հայոց ցեղասպանութիւնը պատմաբաններու ճիրաններէն պէտք է ազատենք եւ դարձնենք մտքի առարկայ: Քաջալերենք հայ գիտնականները, որպէսզի ծանօթանան այդ զրոյցին եւ ծառայեն հոն», ըսաւ Միհրան Տապաղ:
Փրոֆեսէօրը բացատրեց, թէ կարեւոր է յիշողութեան քաղաքականութիւնը` դիտել տալով, որ Բ. Աշխարհամարտէն առաջ բոլոր համաձայնագրերը հիմնուած էին «մոռնալու» վրայ, ուրեմն անհրաժեշտ է գիտակցիլ, որ Հայոց ցեղասպանութեան հարցը ոչ միայն այդ յիշողութեան վրայ հիմնուեցաւ, այլ պատմութեան եւ մտածողութեան զոհը դարձաւ: Եւրոպան յիշողութեան քաղաքականութիւն մը ստեղծեց, որուն կեդրոնը կը կազմէր Ողջակիզումը եւ այդ քաղաքականութիւնն է, որ մինչեւ հիմա կը ճշդէ, թէ ի՛նչ է այն, որ կը յիշուի մինչեւ հիմա եւ ի՛նչ` ոչ:
Փրոֆեսէօրը ըսաւ, թէ ցեղասպանութիւնը յատուկ օրինակ մըն է ազգային պետութեան մը կայացման գործին մէջ: Ան զգուշացուց, որ հարիւրամեակին առիթով «մենք փառահեղ թաղում չպատրաստենք», այլ արարողական ձեռնարկներէն անդին անցնինք եւ իրապէս քաղաքական նոր հարթակի վրայ զետեղենք հարցը:
Քննարկման բերուեցաւ նաեւ Պրիւքսելի մէջ Եւրոպայի պատմութեան թանգարանի ստեղծման հարցը, ուր Եւրոպայի պատմութիւնը 1917 թուականէն պիտի սկսի:
Կիրօ Մանոյեան իր զեկոյցին մէջ անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի պետական յանձնաժողովին կողմէ կազմուած ծրագրին, որ կը ներառէ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրի ընդլայնում, որուն բացումը նախատեսուած է 2015 ապրիլ 24-ին: Այս տարուան դեկտեմբերի մէկէն պիտի սկսի գործել հարիւրամեակին նուիրուած կայքէջ եւ այլ ծրագրեր:
Ընդհանուր գաղափարն է համակարգուած ու կեդրոնական աշխատանք տանիլ հարիւրամեակի իմաստով, ինչպէս եւ` հիմնական միտքը տարածել, թէ հարիւրամեակը վերջ մը չէ, այլ նոր սկիզբ` յաջորդող տարիներուն համար:
Ան անդրադարձաւ նաեւ հատուցման եւ իրաւունքներու հարցերը բարձրացնելու ճիգերուն եւ նշեց, թէ հատուցման երեք շրջանակ կայ: Մէկը տարածքային-հողային պահանջն է, որուն իրաւատէրը անառարկելիօրէն Հայաստանի Հանրապետութիւնն է: Կիրօ Մանոյեան զգուշացուց, թէ այս հարցին խոչընդոտ կը հանդիսանան Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւնները, այնքան ատեն որ անոնք ջնջուած չեն:
Երկրորդ հարցը եկեղեցապատկան եւ ազգապատկան կալուածներուն կը վերաբերի: Այդ իրաւունքները հետապնդելու հարց կայ Թուրքիոյ մէջ: Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ նուիրապետական չորս աթոռներն ալ կալուածներու իրաւունքներ ունին Թուրքիոյ մէջ, ինչպէս նաեւ` հայ կաթոլիկ եւ աւետարանական համայնքները:
Երրորդը կը վերաբերի անհատական իրաւունքներու հետապնդման հարցին: Այս երեք կէտերը նոյնչափ կարեւոր են, որպէսզի բոլորը հասկնան, թէ Ցեղասպանութեան ճանաչումով ոչինչ կը վերջանայ, այլ իրաւական հատուցման հարցը պէտք է բարձրացնել:
ՀՅԴ ՄԱՄԼՈՅ ԴԻՒԱՆ
17 հոկտեմբեր 2013
(Շար. 1)