Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման Տօնը Քուէյթի Մէջ

Հակառակ ամառնային արձակուրդներու շրջան ըլլալուն, Քուէյթի Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցին տօնական մեծ օր մը ապրեցաւ, Աստուածածնայ Վերափոխման օրը, Ուրբաթ 12 Օգոստոսին։ Պատարագը մատուցեց եւ օրուայ պատգամը փոխանցեց թեմիս առաջնորդ՝ Գերպ. Տ. Մասիս Ծ. Վրդ. Զօպույեան, որ հաւատացեալներուն Աստուածամօր վերջին շրջանի կեանքին ու մահուան ինչպէս նաեւ վերափոխման հաստատման պատմականը ընելէ ետք, անդրադարձաւ Աստուածամօր տիպարին եւ եկեղեցւոյ կեանքին մէջ անոր ունեցած իւրայատուկ ներկայութեան մասին։ Ան շեշտեց Աստուածածնի փրկագործական խորհուրդին մէջ ունեցած իւրայատուկ դերակատարութիւնը, անդրադարձաւ անոր աղօթական կեանքին, մայրական կոչումին, հաւատարմութեան ու իր Միածին Որդիին մօտ մշտական բարեխօսթեան` դառնալով խորհրդանիշ քրիստոնէական վեհ առաքինութիւններու եւ առաջնորդ երանական երկնաւոր լուսոյ խորաններու արժանանալու ճամբուն։

Պատարագի արարողութեան ներկայ գտնուեցաւՔուէյթի մօտ ՀՀ Հիւպատոս Տիար Լեւոն Պետրոսեան: Եկեղեցւոյ Տիկնանց Յանձնախումբը, խաղողի ողկոյզներով զարդարած էր խորանը, իսկ հաւատացեալ ժողովուրդին նուիրած խաղողները ողողած էին անբողջ բեմը: Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ խաղողօրհնէքի յատուկ արարողութիւն:

Այս մասին կը յայտնէ Քուէյթի Ազգային Առաջնորդարանի ֆէյսպուքէան էջը:

քուվեյթքուվեյթ2 քուվեյթ3քուվեյթ4 քուվեյթ5քուվեյթ6

Scroll Up