Անցեալ Գիշեր Հայ Դիրքապահներու Ուղղութեամբ Արձակուած Է Աւելի Քան 200 Կրակոց

Հանգստեան օրերուն ղարաբաղա-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծին հակառակորդին կողմէ հրադադարի պահպանման կարգը խախտուած է շուրջ 50 անգամ, որուն ընթացքին, տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ, հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակուած է աւելի քան 700 կրակոց:
ԼՂՀ ՊՆ մամլոյ ծառայութեան փոխանցմամբ` ՊԲ յառաջապահ զօրամասերը լիարժէք վերահսկողութիւն կը պահպանեն առաջնագիծին եւ կը շարունակեն վստահօրէն իրականացնել իրենց առջեւ դրուած մարտական խնդիրը: