Արեւմտեան Թեմը Ոգեւորութեամբ Կը Պատրաստուի Արամ Ա. Կաթողիկոսի Հայրապետական Այցելութեան
Պատմական եւ յիշատակելի առիթ է, երբ ամէն անգամ մեր հոգեւոր պետը՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ս. Աթոռոյս գահակալ ՏՏ Արամ Ա. կաթողիկոս, հայրապետական այցելութեամբ կը պատուէ մեր թեմը։ Այդպիսին պիտի ըլլայ նորին սուրբ օծութեան գահակալութեան 20ամեակի նշման առիթով թեմիս շնորհելիք այցելութիւնը յառաջիկայ 29 Սեպտեմբերէն մինչեւ 4 Հոկտեմբեր 2016։
Ծառայութեան տարուան նուիրուած վեհափառ հայրապետի «Ծառայութիւնը կեանքի նպատակ է» խօսքը իբրեւ բնաբան որդեգրած, անկասկած, որ վեհափառ հայրապետի այս այցելութիւնը բոլորս պիտի ոգեւորէ եւ ցնծութեամբ համակէ, միաժամանակ առիթ ընծայելով մեր եկեղեցւոյ եւ ազգի զաւակներուն՝ վերարժեւորելու մեր կեանքի նախապատուութիւնները։
ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. կաթողիկոս իբրեւ հոգեւոր արժէքներու եւ համոզումներու դրօշակիր, տոկուն անհատականութեան տէր, արդարութեան յանդուգն ձայնն ու քաջ հովուապետն է։ Գահակալութենէն առաջ եւ ետք, իր ծառայական կեանքի մասնաւորաբար վերջին 30 տարիներուն ընթացքին, վեհափառ հարապետը՝ 1915ի Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք աշխարհացրիւ Սփիւռքին համար, միջազգային բեմերէն մինչեւ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդ՝ եղած է ու կը մնայ հայութեան որոշադրիչ ձայնը։
Արեւմտեան թեմը եւ համայնքի զաւակները արժանավայել շուքով կազմակերպելու համար վեհափառ հայրապետի թեմին շնորհելիք 6րդ այս այցելութիւնը՝ արդէն իսկ ձեռնարկած են նախապատրաստական աշխատանքներու։
Նախագահութեամբ թեմի առաջնորդ բարձրաշնորհ Տ. Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի, եւ համա-ատենապետութեամբ Ազգային Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Խաժակ Տիքիճեանի, Ազգային Կեդրոնական վարչութեան անդամ Վահէ Եագուպեանի, Ազգային վարչութեան ատենապետ՝ Վահէ Յովակիմեանի, Կրօնական ժողովը, Ազգային վարչութիւնն ու վեհափառի ընդունելութեան յանձնախումբերը մեծ խադավառութեամբ կը համադրեն ու կը ծրագրեն զանազան նախաձեռնութիններ, բացառիկ յաջողութեամբ պսակելու վեհափառի այցելութիւնը։
Նորին սրբութեան այցելութիւնը յատկապէս այս օրերուն՝ երբ ընդհանրապէս համաշխարհային-քաղաքական կեանքին մէջ անորոշութիւն ու անապահովութիւն կը տիրեն, կրօնի մասին ապատեղեկատուութիւնն ու շփոթեցուցիչ, տխուր երեւոյթներ ու իրողութիւններ մարտահրաւէրներ են, որոնք կը խաթարեն մեր կրօնական ըմբռնումներն ու կը շփոթեցնեն մեզ մեր հաւատքի ճամբուն վրայ, ոչ միայն առիթ պիտի ըլլայ տօնախմբելու նորին սրբութեան գահակալութեան 20ամեակը, այլ նաեւ խթան՝ վերահաստատելու մեզ մեր դարաւոր հաւատքին մէջ։
Հայրապետական այս այցելութեան ընթացքին նախատեսուած են՝ նորին սրբութեան գահակալութեան 20ամեակին նուիրուած ժողովրդային տօնախմբութիւն՝ Շաբաթ, 1 Հոկտեմբեր 2016ի երեկոյեան, Հայրապետական Պատարագ, Կիրակի, 2 Հոկտեմբեր 2016ին՝ Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ, նոյն օրը երեկոյեան յատուկ մեծարանքի նախաձեռնութիւն ի պատիւ վեհափառին։ Վեհափառ հօր՝ երիտասարդութեան հանդէպ տածած յատուկ գուրգուրանքին իբրեւ գործնական արտայայտութիւն, տեղի պիտի ունենայ երիտասարդութեան հետ հանդիպում, որ պիտի համախմբէ նաեւ մեր սկուատներն ու աշակերտութիւնը։
Վեհափառին այցելութիւնը անգամ մը եւս առիթ պիտի ընծայէ Արեւմտեան մեր թեմի զաւակներուն մօտէն շփումի մէջ ըլլալու նորին սրբութեան հետ, եւ վերանորոգելու մեր հոգեւոր կեանքն ու հաւաքական հաւատքի առաքելութիւնը։
Կոչ կ՛ուղղենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդին մասնակից դառնալու վեհափառ հայրապետի պատմական այս այցելութեան նախաձեռնութիւններուն ու լիցքաւորուելու նորին սրբութեան պատգամներով։
ԴԻՒԱՆ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԹԵՄԻ
ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ