«Կարդացէ՛ք, Ամօթ Պիտի Զգաք»

Գորայ Չալըշքան «Ռատիքալ»-ի կայքէջին վրայ հրատարակած է «Կարդացէ՛ք, ամօթ պիտի զգաք» խորագրեալ յօդուած մը, ուր օրակարգի կը բերէ Հրանդ Տինքի սպանութեան դատավարութիւնը եւ այն գիրքը, զոր փաստաբան Ֆեթհիյէ Չեթին գրած է Հրանդ Տինքի դատավարութեան մասին, եւ որ հրապարակ պիտի ելլէ այսօր, «Մեթիս» մատենաշարէն:

Յօդուածագիրը նախ կը պատմէ, թէ Հրանդ Տինքի սպանութեան օրը ինք ինչպէ՛ս իմացած էր այդ լուրը: Կը պատմէ այն հոգեցնցումը, զոր ապրած էր այդ պահուն, համալսարանի մէջ կամ իր տունէն ներս: Հեռատեսիլէն տեսած էր Հրանդին անշնչացած մարմինը, գետինը պառկած վիճակով: Մտածած էր, որ ի՞նչ կրնար ընել, հասկցած էր, որ բան մըն ալ չէր կրնար ընել:

Ապա ան կանգ կ՛առնէ դատավարութեան խայտառակ ընթացքին վրայ, կը յիշեցնէ, թէ դատարանը մերժած էր ընդունիլ այս ոճիրը ծրագրած գաղտնի կազմակերպութեան մը գոյութիւնը, հակառակ որ այլեւս ամէն մարդ հասկցած էր, թէ կազմակերպութին մը կար այդ ոճիրին ետին: Դատարանը ոճիրը նկատած էր պարզապէս Օկիւն Սամասթի անհատական յանցագործութիւնը: Բարեբախտաբար փաստաբաններ ու ողջամիտ շրջանակներ միջամտեցին եւ դատարանին որոշումը բեկանուեցաւ վերին դատարանին կողմէ: Հիմա դատավարութիւնը դարձեալ պիտի սկսի:

Ճիշդ այս փուլին վրայ է, որ «Մեթիս» մատենաշարէն այսօր հրապարակ պիտի ելլէ Հրանդ Տինքի դատավարութեան փաստաբան Ֆեթհիյէ Չեթինին նոր մէկ գիրքը, որուն անունն է` «Ամօթ կը զգամ. Հրանդ Տինքի դատավարութեան վճիռը»: Յօդուածագիրը այս գիրքը արդէն կարդացեր է եւ կը յիշեցնէ Հրանդ Տինքին այն խօսքը, թէ ամէնէն վաւերական վճիռը դատարանին տուածը չէ, ժողովուրդին խղճմտանքին արձակած վճիռն է: Ֆեթհիյէ Չեթինն ալ իր գիրքին մէջ կը պատմէ, թէ առաջին անգամ ինչե՛ր զգաց, երբ լսեց Հրանդ Տինքին սպաննուած ըլլալը: Ապա ան կը պատմէ առաջին օրէն մինչեւ այսօր այն հանգրուանները, որոնցմէ անցաւ այս դատավարութիւնը: Կը պատմէ, թէ ինչպէ՛ս դատարանը պէտք է յառաջանայ այս խնդրին տակէն եկող գարշահոտութեանց առկայութեան:

Յօդուածագիրը կ՛եզրակացնէ.

«Կարդացէք այս գիրքը, պիտի չզղջաք»:

Գիրքին Մասին Այլ Տեղեկութիւններ

Ֆեթհիյէ Չեթինի վերոյիշեալ գիրքին մասին անդրադարձ մը հրատարակուած է նաեւ «Պիանեթ» կայքէջին վրայ: Այստեղ կը պատմուի, որ Ֆեթհիյէ Չեթին իր գիրքին մէջ շատ հետաքրքրական եղելութիւններ կը պատմէ. կը պատմէ, թէ որոնք կարգ մը վկայութիւններ բերած են իրեն սա կամ նա անձի սպանութեան, բայց մանաւանդ Տինքի սպանութեան կապակցութեամբ: Կը խօսի նաեւ լրատուութեան մը մասին, ըստ որուն այժմ արտասահմանի մէջ ապրող տրապիզոնցի մը հոգացած է Տինքի սպանութեան ծախսերը: Ըստ Չեթինի, բոլոր այդ լրատու անձերը, մանաւանդ մէկ երկու գաղտնի վկաներ, աւելի վերջ մէջտեղերէն անհետացած են:

«ՆՈՐ ՄԱՐՄԱՐԱ»

http://www.aztagdaily.com

Scroll Up