Հրաժեշտի խարոյկը այս անգամ վառեցաւ «Արի տուն» ծրագրի 120 երիտասարդներու համար
Օգոստոսի 12-ին Ծաղկաձորի «Արի տուն» ճամբարի մէջ տեղի ունեցաւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Արի տուն» ծրագրի վեցերորդ փուլի փակման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որուն մասնակցեցին նախարարութեան աշխատակիցներ, հիւրեր:
ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի անունով «Արի տուն» ծրագրի մասնակիցները ողջունեց համահայկական ծրագրերու վարչութեան աշխատակից Լաուրա Աւետիսեանը:
Արիտունցիները հանդէս եկան համերգային գեղեցիկ ծրագիրով, զոր պատրաստած էին ճամբարային օրերու ընթացքին:
Ցուցադրուեցան նաեւ երեխաներու ձեռքով քանդակուած խաչքարերը եւ մանրանկարչական էսքիզները: Խաչքարի փորագրութեան արդէն աւանդական դարձած դասընթացները կ’իրականացնէ քանդակագործ Գարիկ Յովհաննիսեանը: Ճամբարային օրերու ընթացքին ան արիտունցիներուն կը սորվեցնէ խաչքարի փորագրութեան արուեստը, կը ծանօթացն՝ հայ մանրանկարչութեան գաղտնիքներուն: Եւ իբրեւ արդիւնք կը ծնին շատ իւրօրինակ աշխատանքներ:
Նշենք, որ ծրագրի վեցերորդ փուլին կը մասցնակցին 120 պատանիներ ու աղջիկներ աշխարհի 18 երկիրներէ՝ Ռուսիա, Ուքրանիա, Էստոնիա, Լիտվա, Վրաստան, Աբխազիա, Գանատա, Ֆրանսա, Իռլանդա, Սպանիայ, Անգլիա, Գերմանիա, Յունաստան, Պելճիքա, Իրաք, Քոււէյթ, Իրան, Սուրիա: