Նոր հրատարակութիւն՝ Պոլսոյ պատրիարքարանէն

Պոլսոյ Պատրիարքական աթոռին կողմէ երանաշնորհ Շնորհք պատրիարքիծննդեան հարիւրամեակին առթիւ հաստատուած «Շնորհք Պատրիարք100»մատենաշարէն լոյս տեսաւ «Գունագեղ կիրակիներ եւ հոգեգալուստ» հատորը:
Երանաշնորհ Շնորհք պատրիարքի կրօնաբարոյական սոյն աշխատասիրութիւնը պատրաստուած է հաւատացեալ ժողովուրդի յատկապէս Ս. Զատկին յաջորդող Յարութեան շրջանին հոգեւոր մատակարարութեան համար: Անիկա նախապէս լոյս տեսած է իբրեւ յօդուածաշարք եւ 1972ին՝ ինրեւ անջատ հատոր:
Այս աշխատասիրութեան մէջ սրբազանը կ՛անդրադառնայ Ս. Զատիկին յաջորդող Յինանց շրջանին ընդհանրապէս եւ այդ շրջանի վեց կիրակիներու իմաստին ու Համբարձման տօնին մասնաւորապէս, աւելցնելով օրուան շարականներէն մէկը, աշխարհաբար թարգմանութեամբ:
Երանաշնորհ պատրիարք հայրը հատորին գրեթէ մէկ երրորդ մասը կը յատկացնէ Հոգեգալուստի դէպքին ու անոր իմաստին: Տասնեօթ խորագիրներու տակ ան կը վերլուծէ Ս. Հոգւոյ գալուստը:
Հատորին մէջ տեղ կը գրաւէ նաեւ հեղինակի պատրիարքական շրջանի անձնական կնիքը:
Սոյն հատորի մեկենասութիւնը ստանձնած են Գրիգոր Ա. քհնյ. եւ երէցկին Սիլվա Տամատեաններ, իրենց որդիին՝ Յարութիւնին աբեղայ ձեռնադրութեան առթիւ:
Այս ամսին կը յայտնէ Ասպարէզ: