Smithsonian Թանգարանն ու USAID-ը Պիտի Օգնեն Հայ Մշակոյթի Պահպանման

«Հայաստանը ունի շատ հարուստ ու երկնային մշակութային ժառանգութիւն»,- այս խօսքերով՝ Հայաստանի հետ համագործակցութեան մասին իր պատմութիւնը կը սկսի ԱՄՆ-ի Smithsonian հաստատութեան միջազգային կապերու բաժինի ղեկավար Մոլլի Ֆաննոնը:
Ըստ «Ամերիկայի ձայն»-ի՝ անոր խօսքով, իբրեւ համաշխարհային մշակոյթի պահպանութեամբ զբաղող խոշորագոյն հաստատութիւն, Smithsonian թանգարանը կը փափաքի պահպանել եւ տարածել ոչ միայն հազարամեայ պատմութիւն ունեցող հայերու իրեղէն մշակոյթը, այլեւ` պարը, կերակուրները, կենսակերպը, արուեստի բովանդակութիւնը։
Այդ նպատակով Smithsonian հաստատութիւնը՝ Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան նիւթական աջակցութեամբ՝ Հայաստանի կառավարութեան հետ համատեղ կը մշակէ ծրագիրներ, որոնք ուղղուած են հայկական մշակոյթի պահպանման եւ մշակութային զբօսաշրջիկութեան զարգացման:
«Մեր նպատակն է ապահովել Հայաստանի մշակութային ոլորտի կայուն զարգացումը` կապելով այն մշակութային զբօսաշրջիկութեան հետ եւ տնտեսական նոր հնարաւորութիւններ ստեղծելով այդ ոլորտին մէջր,– ըսած է Մոլլի Ֆաննոնը:
Մոլլի Ֆաննոնի խօսքով, մշակոյթի պահպանութիւնը կը պահանջէ զգալի տնտեսական աղբիւրներ, այսպիսով` շատ կարեւոր է մշակութային ժառանգութեան ոլորտին մէջ տնտեսական հնարաւորութիւններու ստեղծումը:
Եռակողմ ծրագիրին ծիրէն ներս՝ Smithsonian-ը ստեղծած է «Իմ Հայաստան» ծրագիրը, որուն նպատակն է շարժել զբօսաշրջիկներու հետաքրքրասիրութիւնը եւ խթանել անոնց ներգրաւումը Հայաստանի մշակութային ժառանգութեան մէջ:
«Զբօսաշրջիկներու մեծ մասը Երեւան կ՝այցելէ, լաւ ժամանակ կ՝անցնէ Երեւանի մէջ (իրօք, անիկա հրաշալի քաղաք է եւ զբօսաշրջիկին առաջարկելու շատ բան ունի), որմէ ետք միայն մէկ օրով զբօսաշրջիկները կ՝այցելեն գիւղական վայրեր: Մեր նպատակը այդ հոսքը կանգնեցնելը չէ: Մենք կ՝ուզենք նոր զբօսաշրջիկներ գրաւել, որոնք մասնաւորապէս պիտի այցելեն ոչ թէ մայրաքաղաք, այլ` պիտի շրջին Հայաստանի այլ վայրեր»,– ըսած է Մոլլի Ֆաննոնը:
Ան նաեւ նշած է, որ Smithsonian-ը հայկական կողմին հետ միասին մշակած է երկու հիմնական ուղի` հիւսիսային եւ հարաւային, որոնց շուրջ պիտի ստեղծուին ենթակառոյցներ` թոյլ տալով զբօսաշրջիկներուն հաճելի եւ յարմարաւէտ հանգիստ վայելել Հայաստանի մարզերուն մէջ` միեւնոյն ժամանակ մարզերու բնակիչներուն համար բանալով նոր հեռանկարային աշխատատեղեր: