Թարթուսի Մէջ Բացումը Կատարուեցաւ Հայկական Կեդրոնի Մը

Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Շահան Սրբ. Արք. Սարգիսեանի, այսօր Սուրիոյ Թարթուս քաղաքին մէջ բացումը կատարուեցաւ հայկական կեդրոնի մը։
Նկատի ունենալով սուրիական տագնապի օրերուն երկրի բախումնային շարք մը շրջաններէն, յատկապէս Հալէպէն Թարթուս տեղափոխուած հայորդիներու մեծ թիւը, Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ. Իշխանութիւնը յարմար նկատեց ապահովել նման կեդրոն մը, որ պիտի ծառայէ տեղւոյն Կիրակնօրեայ դպրոցի աշակերտութեան, Քրիստոնէական Դաստիարակչական Խորհուրդին, շրջանի Շտապ Օգնութեան Գործադիր Մարմնի աշխատանքներուն համադրման համար գումարուող ժողովներուն եւ շրջանի հայութեան որպէս հաւաքավայր։
Կեդրոնին բացումը կատարեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Շահան Սրբ.Արք. Սարգիսեան, ներկայութեամբ Հոգեշնորհ Տէր Արտակ վարդապետ Արապեանի, Տէր Տաթեւ Աւագ Քահանայ Միքայէլեանի, Լաթաքիոյ ազգայիններէն տիար Վարուժ Պետիրեանի, Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Թաղականութեան ատենապետ տիար Աւօ Կարպուշեանի, ՍՕԽ-ի Շրջ. Վարչութեան ներկայացուցիչ տիկին Մարօ Սողոմոնեանի, Թարթուսի Շտապ Օգնութեան Գործադիր Մարմնի, Թարթուսի եւ շրջակայքի Թաղական Խորհուրդի ներկայացուցիչներուն եւ Կիրակնօրեայ դպրոցի աշակերտութեան։

Այս մասին կը յայտնէ Գանձասար:

13876666_900762243359136_4144012685383678895_n

Scroll Up