Էնի Սաֆոյեան 65 Միլիոն Տոլար Եկամուտ Ունեցող Ընկերութիւն Հիմնած Է

Հայուհի Էնի Սաֆոյեան եւ իր ընտանիքը կը կառավարեն «SADA Systems» ընկերութիւնը, որ «Google» եւ «Microsoft» ընկերութիւններու հետ աշխատող վերավաճառող է եւ որոշ հաշուարկներու համաձայն՝ այս տարի 65 միլիոն տոլարի եկամուտ պիտի ապահովէ:

1987ին, 32ամեայ Էնին Լոս Անճելըս տեղափոխուած է իր ամուսնոյն՝ Յովիկին եւ զաւակին՝ Տոնի հետ, կը գրէ «Business Insider»ը: Անոր անգլերէնը միջին մակարդակի էր, արդի արհեստագիտութեան մէջ կրթութիւն չունէր եւ ընդհանրապէս անհասկնալի էր, թէ ինչպէ՛ս ապրուստ պիտի ապահովէր նոր երկրին մէջ: Նախ, Էնի հետեւած է հաշուապահութեան դասընթացքներու, սակայն այդ աշխատանքը չէ բաւարարած զինք: Ապա սկսած է համացանցային կայքեր պատրաստելու, իսկ ամուսինը ծրագրաւորողի աշխատանք գտած է: Դանդաղօրէն բայց հետեւողականօրէն, անոր աշխատասիրութիւնը եւ յաճախորդներու փափաքները զինք մղած են աւելի մասնագիտական աշխատանք տանելու, ինչ որ առաջնորդած է «SADA Systems»ի հիմնադրութեան, որ նախնական հանգրուանին փոքր ընկերութեան համար ցանցեր կը կառավարէր:

Ընկերութեան համար անկիւնադարձային եղած է 2007 թուականը, երբ «Google»ը Էնիէն օգնութիւն խնդրած է «Google Apps»ի համար: Ան համաձայնած է՝ առանց որեւէ փոխհատուցման, սակայն գործընկեր դառնալու պայմանով։

Ապա, «Microsoft» ընկերութիւնը «SADA Systems»ը համոզած է իր վերավաճառողը դառնալ «Office 365» ծրագիրին համար:

Էնի ըսած է, որ հսկայ այս երկու ընկերութիւններն ալ առաջարկած են «SADA»ին, որ հակառակորդէն յաճախորդներ խլէ, բայց Էնի կտրուկ կերպով մերժած է:

Այս երկու հսկաներուն հետ աշխատելով՝ Էնիի ընկերութիւնը աշխատանք կը տրամադրէ մօտաւորապէս 150 արհեստավարժներու։

Միաժամանակ, ընտանիքը կը մերժէ վաճառել ընկերութիւնը, հակառակ անոր որ հարիւրաւոր միլիոն տոլարի առաջարկներ եղած են այդ գծով:

Scroll Up