Թալիշցի 20 Ընտանիք Արդէն Տեղափոխուած է Ալաշան. Գիւղապետ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/08/49776.jpg)
Մարտակերտի շրջանի Ալաշան գիւղին մէջ Յուլիս 25-ին սկսած է թալիշցիներու բնակեցման գործընթացքը: Այս մասին, ըստ News.am-ի, յայտնած է Թալիշի գիւղապետ Վիլէն Պետրոսեան:
Ան նշած է, որ արդէն 20 ընտանիք, որոնք ժամանակաւորապէս բնակութիւն հաստատած էին Ստեփանակերտի եւ Հայաստանի տարբեր բնակավայրերու մէջ, տեղափոխուած են Ալաշան:
Գիւղապետը նշած է, որ առողջարանային գիւղին մէջ գտնուող շուրջ 27 տուներու վերանորոգման աշխատանքները արդէն աւարտած են եւ մինչեւ Սեպտեմբեր 1՝ եւս 7 ընտանիք կը տեղափոխուի Ալաշան։
«Նախագահ Սահակեանն եկել էր, բնակութեան վայրի հետ կապուած խնդիրներ քննարկուեցին, Ալաշանում գտնուող թալիշցիները տեղեկացրին, որ ուզում են մշտապէս այստեղ մնալ, չեն ուզում տեղափոխուել Քոլատակ, որպէսզի համախմբուած մի վայրում լինենք»,- ըսած է գիւղապետը:
Ան նշած է, որ երեխաներու դպրոցի խնդիրը եւս կը լուծուի. հնարաւոր է, որ Սեպտեմբեր 1-ին Ալաշանի մէջ նախկին հիւանդանոցի շէնքին մէջ դպրոց բացուի:
«Դասերը կարող են անցկացուել նախկին հոսփիթալի շէնքում, այսօրուայ դրութեամբ 14 դպրոցահասակ երեխաներ կան այստեղ: Տեսնենք ոնց կ’ընթանայ գործընթացը»,- ըսած է ան:
Անդրադառնալով Թալիշի մէջ տիրող իրավիճակին, գիւղապետը նշած է, որ գիւղին մէջ իրավիճակը նոյնն է, այնտեղ գիւղացիներու բնակեցման համար իրավիճակը կը շարունակէ մնալ վտանգաւոր: Անոր խօսքով` Կարմիր խաչի միջնորդութեամբ վերջերս կրցած են հնձել գիւղացիներուն պատկանող խոտին մէկ մասը. «Մի 70 հեկտար մնաց, որ չկարողացանք հնձել` կէսը վառուել էր, մի մասն էլ վտանգաւոր գօտում էր»,- նշած է ան: