Բակօ Սահակեան Այցելած Է Շուշիի Շրջան
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/08/Շուշի.jpg)
Արցախի Հանրապետութեան Նախագահ Բակօ Սահակեան Օգոստոս 10-ին այցելած է Շուշիի շրջան եւ Հին շէն գիւղին մէջ հանդիպած «Արցախի երիտֆորում» ամէնամեայ ծրագիրի մասնակից երիտասարդներուն հետ:
ԼՂՀ Նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութեան փոխանցմամբ` հանդիպման ընթացքին արծարծուած են Արցախի պետականաշինութեան, արտաքին եւ ներքին քաղաքական ոլորտներուն, երիտասարդական քաղաքականութեան եւ շարք մը այլ բնագաւառներու վերաբերող հարցեր:
Երկրի ղեկավարը կարեւոր համարած է նման ձեռնարկներու իրականացումը` նշելով, որ ատոնք դրական ազդեցութիւն կ’ունենան երիտասարդներուն միջեւ համախմբուածութեան ամրապնդման, անոնց աշխարհայեացքի զարգացման եւ ընդլայնման վրայ: