Թուրք Ոստիկանները Վերադարձուցած են Պոլսահայ Լրագրող Հայկօ Պաղտատի Անձնագիրը

Պոլսահայ լրագրող Հայկօ Պաղտատ Twitter–ի իր էջին միջոցով տեղեկացուցած է, որ ոստիկանութիւնը վերադարձուցած է օդակայանին մէջ իրմէ խլած անձնագիրը:

Հայկօ Պաղտատ շնորհակալութիւն յայտնած է խորհրդարանի հայ պատգամաւորներ Կարօ Փայլանին ու Սելինա Տողանին` անձնագիրին հարցը խորհրդարանին մէջ բարձրացնելու համար:

Յիշեցնենք, որ քանի մը օր առաջ, Թուրքիոյ օդակայանին մէջ ոստիկանները խլած էին պոլսահայ լրագրողի անձնագիրը՝ առանց պատճառներ ներկայացնելու:

Scroll Up