Արցախ Այցելող Զբօսաշրջիկներուն Համար Ստեղծուած Են Գիշերակացեր

Զբօսաշրջութեան վարչութեան իրականացուցած դիտարկումներուն համաձայն, ընթացիկ տարուան Ապրիլէն մինչեւ Յունիս ինկած ժամանակահատուածին անցեալ տարուան համեմատ Արցախ այցելող զբօսաշրջիկներու թիւը որոշակիօրէն նուազած է:

Այդ մասին «Արցախփրէս»-ի հետ զրոյցին ըսած  է Արցախի զբօսաշրջութեան զարգացման կազմակերպութեան ծրագիրերու համակարգող Արտակ Գրիգորեան: Անոր խօսքով Արցախի մէջ զբօսաշրջութեան զարգացած ճիւղեր են պատմամշակութային, արկածային զբօսաշրջութիւնը, որուն մէջ կը մտնեն հետիոտն արշաւները,լեռնամագլցումը, ecotourism-ը,որուն համար,ինչպէս,եւ նաեւ ներդրողներու պակաս ալ չի զգացուիր:

«Արցախում զբօսաշրջութեան զարգացումը մեծ հեռանկարներ ունի եւ գտնւում է իշխանութիւնների մշտական հոգածութեան ներքոյ: Զբօսաշրջութիւնը մեր հանրապետութիւնունում բաւականին դինամիկ զարգացող ճիւղ է` իր պատմամշակութային հարուստ ժառանգութեամբ, նիւթական եւ ոչ նիւթական հարուստ մշակոյթով` ինքնատիպ իւրայատկութիւններով,ինչն էլ նպաստում է զբօսաշրջութեան խթանմանն Արցախում»,-կարծիք  յայտնած է Ա. Գրիգորեան`մանրամասնելով, որ քայլեր կը ձեռնարկուին Արցախի մէջ զբօսաշրջութեան նոր ճիւղերու զարգացման ուղղութեամբ: Այդ առումով ամենակարեւոր քայլը Արցախի շրջաններու բաժանումն է հիւսիսային եւ հարաւային երթուղիներու:

Զբօսաշրջութեան նոր ճիւղերու զարգացման հիւսիսային երթուղիի ծրագիրը դեռ մշակման փուլին մէջ կը գտնուի: Արցախը օտարերկրեայ զբօսաշրջիկներուն ճանաչելի դարձնելու համար համացանցային ծրագիրներ կ’իրականացուին, որոնցմէ, ըստ Ա.Գրիգորեանի, յատկանշական է ընթացիկ տարուան մէջ մեկնարկած «Եկ Արցախ» ֆլեշ մոպը: Կը գործէ նաեւ զբօսաշրջութեան վարչութեան պաշտօնական կայքը, ուր տեղադրուող ճանաչողական տեղեկութիւնները ընկերային ցանցերու միջոցով կը  փոխանցուին օտարերկրացիներուն:

Զբօսաշրջութեան վարչութեան պատասխանատուի հաղորդմամբ ` Արցախ ժամանող զբօսաշրջիկներուն թիւը մեծ է յատկապէս Ռուսաստանի Դաշնութենէն,Ֆրանսայէն, ԱՄՆ-էն, Իրանէն:

Արտասահմանցի զբօսաշրջիկներուն, Ա.Գրիգորեանի խօսքով, Արցախի մէջ կը գրաւեն պատմամշակութային յուշարձանները, տեղի բնակչութեան հիւրասիրութիւնը, եւ գիւղական կենցաղը:

Վերջին  քանի մը տարուան ընթացքին զբօսաշրջիկներու առօրեան հետաքրքիր դարձնելու եւ կեցութեան յարմար պայմաններ ապահովելու համար ստեղծուած են գիշերուան կեցութեան յարմարութիւններ եւ կառուցուած են տեսարժան արգելոցներ:

Scroll Up