ԱԳ Նախարարը Այցելեց Հայաստանի Մէջ ՄԱԿ-ի Գրասենեակը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2013/10/577.-Minister-Nalbandian-visited-UN-House-18.10.2013-2.jpg)
Հոկտեմբեր 18-ին ԱԳ նախարար Էդուարդ Նալպանտեան այցելեց Հայաստանի մէջ ՄԱԿ-ի գրասենեակ, ուր ՄԱԿ-ի մշտական համակարգող Պրետլի Պուսետոյի հետ բացում կատարեց գրասենեակի համաժողովներու վերանորոգուած դահլիճը:
Դահլիճի բացման արարողութենէն ետք ԱԳ նախարարը հանդիպում ունեցաւ ՄԱԿ-ի մշտական համակարգողի. ՄԱԿ-ի գործակալութիւններու եւ ծրագիրներու հայաստանեան ներկայացուցչութիւններու ղեկավարներուն հետ, որոնք անդրադարձան
անցած քսան տարիներուն ընթացքին Հայաստանի մէջ իրենց կառոյցներու կողմէ իրականացուած ծրագիրներուն, ներկայացուցին իրագործուող նախագիծերը:
Նախարար Նալպանտեան նշելով, որ Հայաստան կը հանդիսանայ ՄԱԿ-ի աշխոյժ անդամներէն մէկը` տարիէ տարի ընդլայնելով իր ներգրաւուածութիւնը կազմակերպութեան ծիրէն ներս ընթացող գործընթացներուն եւ համագործակցութեան` բարձր գնահատեց Հայաստանի մէջ անկախութենէն ի վեր ՄԱԿ-ի զարգացման ծրագիրի, ՄԱԿ-ի տարբեր գործակալութիւններու աջակցութիւնը
մեր երկրի զարգացման:
Հանդիպման մասնակիցներու խնդրանքով ԱԳ նախարար Նալպանտեան ներկայացուց վերջերս Նիւ-Եորք կատարած այցելութեան ծիրէն ներս ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղար Պան Քի-Մունի հետ ունեցած հանդիպման արդիւնքները:
Զրոյցի ընթացքին միտքեր փոխանակուեցան սուրիահայերուն ցուցաբերուող աջակցութեան ՄԱԿ-ի հնարաւոր մասնակցութեան վերաբերեալ:
ԱԳ Նախարարը պատասխանեց նաեւ մասնակիցներու հետաքրքրող հարցերուն: Այս մասին «Հայերն այսօր» -ին կը տեղեկացնեն ՀՀ ԱԳՆ մամլոյ գրասենեակէն: