ՀՅԴ Երիտասարդականը՝ Միջազգային Ֆալքոն Շարժման Լիիրաւ Անդամ

ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակը կը տեղեկացնէ, որ 5-8 Օգոստոսին Գերմանիոյ Նիւրենպերկ քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ Միջազգային ֆալքոն շարժում – Ընկերվարական միջազգայնական դաստիարակչական (International Falcon Movement – Socialist International Educational) կազմակերպութեան համագումարը, որուն մասնակցեցան կազմակերպութեան անդամ քանի մը տասնեակ միութիւններու 65 ներկայացուցիչներ:
ՀՅԴ Երիտասարդականը կը ներկայացնէր Նժդեհ Գարագաւորեան («Նոր Սերունդ», Ֆրանսա):
Եռօրեայ համագումարին ընթացքին քննարկուեցան շարք մը հարցեր, ինչպէս՝ որոշ երկիրներու մէջ նկատուող աջ ծայրայեղականութեան աճ, մարդու իրաւունքներու ոտնահարում եւ ահաբեկչութիւն:
ՀՅԴ Երիտասարդականի ներկայացուցիչը համագումարին ընթացքին արտասանած իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ արցախեան տագնապին՝ իբրեւ մարդու եւ ազգի ոտնահարման դրսեւորում: Ապա ան ներկայացուց ՀՅԴ երիտասարդական միութիւններուն կողմէ Հայաստանի եւ Արցախի տարբեր շրջաններուն մէջ կազմակերպուող ճամբարներու աշխատանքները:
Համագումարի օրակարգին վրայ ներառուած էր անդամ միութիւններու կարգավիճակի փոփոխութեան հարցը եւ նոր նախագահութեան ընտրութիւնը:
Հարկ է նշել, որ ՀՅԴ Երիտասարդականը երկար տարիներ Միջազգային ֆալքոն շարժում – Ընկերվարական միջազգայնական դաստիարակչական կազմակերպութեան կ՛անդամակցէր դիտորդի կարգավիճակով եւ մօտ մէկ տարի առաջ դիմում ներկայացուց լիիրաւ անդամ դառնալու համար:
ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակը ուրախութեամբ կը տեղեկացնէ, որ հետեւողական աշխատանքին իբրեւ արդիւնք Գերմանիոյ այս համագումարին ՀՅԴ Երիտասարդականը ժողովականներու մեծամասնութեան քուէով դարձաւ նշեալ կազմակերպութեան լիիրաւ անդամ։
Նժդեհ Գարագաւորեան իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնելով համագումարի մասնակիցներուն՝ ըսաւ, թէ նոր կարգավիճակը պիտի մղէ ՀՅԴ Երիտասարդականը ալ աւելի գործօն մասնակցութիւն բերելու կազմակերպութեան աշխատանքներուն:
Օրակարգի վերջին կէտով ընտրուեցաւ նախագահութեան նոր կազմ: