Հայ Ոսկերիչներու Համաշխարհային Միութեան Դպրոցը (AJA) Երեւանի ՄԷջ Պիտի Վերականգնէ Դասընթացները

Հայ ոսկերիչներու համաշխարհային միութեան դպրոցը (AJA) աշնան Երեւանի մէջ պիտի վերականգնէ դասընթացները: Այս մասին NEWS.am–ի թղթակիցին հետ զրոյցին ըսած է AJA–ի դպրոցի եւ «Նիւ Էսթետ» ընկերութեան տնօրէն Գոհար Համբարձումեան:
Տեսական դասընթացները անցեալի պէս կ’իրականացուին Երեւանի 1-ին քաղաքային քոլեջին մէջ, իսկ գործնականները` «Մերիտիան» ազատ տնտեսական գօտիին մէջ: Սեպտեմբերին կը ծրագրուի ընդունել 20 ուսանող: Ընդ որում, յառաջիկայ 3 ուսումնական տարուան ընդունելութիւնը կ’իրականցուի ոչ թէ քննութիւններու հիման վրայ, այլ քանի մը նախնական դասընթացներու: «Գլխաւորը տեսնենք, թէ ով իրականութեան մէջ ինչ կ’ուզէ եւ ինչ կրնայ: Անգամ եթէ ինչ–որ մէկուն մօտ չի ստացուիր, մենք կը ջանանք խրախուսել եւ հնարաւորութիւն տալ փորձելու»,– ըսած է Համբարձումեան: