Սան Տիէկոյի «Կամուրջ Դէպի Ապագայ» Տարեկան Չորրորդ Ձեռնարկը՝ Հոկտեմբեր 22ին

 Սան Տիէկոյի Ս. Յովհաննու Կարապետ Հայց. եկեղեցին կը տեղեկացնէ, թէ եկեղեցւոյ նոր համալիրին կառուցումը ապահովելու նպատակով, եկեղեցւոյ հիմնադրամի յանձնախումբը կազմակերպած է տարեկան չորրորդ «Կամուրջ դէպի ապագայ» ձեռնարկը, որ տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, Հոկտեմբեր 22ին, Քարլզպատի «Փարք Հայէթ Աւիարա» շքեղ պանդոկին մէջ, եկեղեցւոյ նորանշանակ հոգեւոր հովիւ Ներսէս քհնյ. Հայրապետեանի հովանիին տակ:

Ձեռնարկը նպատակ ունի 150,000 տոլար գոյացնել։ Տոմսերու սակը 250 տոլար է։

Ձեռնարկի կազմակերպիչ յանձնախումբի համաատենապետներ Քեթի Քասարճեան եւ Քերըլ Վասիլիատիս արդէն իսկ գործի լծուած են իրականութիւն դարձնելու դրամահաւաքի նշեալ նպատակը՝ հաճելի երեկոյի մը ընդմէջէն, իրենց շուրջ հաւաքելով այս նպատակին համար աշխատող խումբի մը նուիրուած կամաւորներ։

Եկեղեցւոյ հիմնադրամի յանձնախումբի ատենապետ Հերի Գրիգորեան յոյս կը յայտնէ, որ եկեղեցաշինութեան այս ծրագիրը կարելի եղածին չափ շուտ կը սկսի, շնորհիւ համայնքին ցուցաբերելիք աջակցութեան։

Յիշեցնենք, որ Սան Տիէկոյի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ նոր կառոյցի ծրագիրը այս տարուան Յունուար 14ին միաձայնութեամբ վաւերացուած է Քալիֆորնիոյ ծովեզերեայ յանձնաժողովին կողմէ:

Տել Մար քաղաքին մօտերը գտ-նուող նոր համալիրին կառուցումը պիտի իրականացուի հանգրուաններով, իսկ անոր աւարտին, իր շրջափակին մէջ պիտի ունենայ նոր եկեղեցին, ընկերային ձեռնարկներու յատուկ սրահ մը, երիտասարդական կեդրոն մը, մարզական սրահ, գրադարան, դասարաններ, դաշտահանդէսներու վայր եւ ընդարձակ կանգառ։

Յաւելեալ տեղեկութեանց կամ տեղեր ապահովելու համար, դիմել sjgsdtrust@gmail.com հասցէին կամ այցելել www.stjohngarabedtrust.org կայքը։ Նուիրատուութեանց համար, դիմել (858) 569-6527 թիւին կամ garytakessian34@yahoo.com հասցէին։

Այս մասին կը յայտնէ Ասպարէզ:

Scroll Up