Կեանքէն Հեռացաւ Մեր Գործընկեր Նուէր Նալպանտեանը

ՀՀ Սփիւռքի նախարարութիւնը խոր վիշտով կը տեղեկացնէ, որ 56 տարեկանին անժամանակ հեռացաւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հեռահաղորդակցութեան վարչութեան տեղեկատուական-վերլուծական բաժնի պետ Նուէր Նալպանտեանը:

Նախարարութեան ղեկավարութիւնը եւ ողջ անձնակազմը կը սգան սիրելի աշխատակցուհիի, հրաշալի մարդու, ընկերոջ մահը եւ այս ծանր պահուն կը վշտակցին անոր ընտանիքին եւ հարազատներուն:

Նուէրը ոչ միայն լաւ մարդ էր, այլեւ իր գործին տիրապետող գիտակ մասնագէտ: Ան իր մարդկային բարձր յատկանիշներու, աշխատասիրութեան ու նուիրումի շնորհիւ կը վայելէր բոլորի սէրն ու յարգանքը:

Աշխոյժ լրագրողի, փորձառու դասախօսի, բարեխիղճ քաղաքացիական ծառայողի, հարազատ մարդու պայծառ յիշատակը միշտ վառ պիտի մնայ մեր եւ անոր ճանչցողներու սրտերուն մէջ:

Թող լոյսերու մէջ փառաւորուի մեր սիրելի Նուէրի հոգին, թող Տիրոջ Աջը հովանի ըլլայ անոր ընտանիքին:

Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի:

Նուէր Նալպանտեանի հոգեհանգիստը տեղի պիտի ունենայ 2016 թուականի Օգոստոս 9-ին ժամը 18:00-ին Դաւիթ Բէկի 104/6 հասցէին գտնուող Սգոյ սրահին մէջ, իսկ յուղարկաւորութիւնը` Օգոստոս 10-ին ժամը 13:00-ին նոյն հասցէէն:

ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւն

***

Նուէր Մովսէսի Նալպանտեան

 Ծնած է 1960 թուականի Մարտ 27-ին  Երեւան քաղաքին մէջ:

1967-1977թթ.  –  յաճախած եւ աւարտած է Երեւանի N 6 միջնակարգ դպրոցը:

1978-1984թթ.  –  ուսանած եւ աւարտած է Երեւանի պետական համալսարանի բանասիրական բաժանմունքը, որուն զուգահեռ`

1978-1991թթ. – աշխատած է «Շախմատային Հայաստան» հանդէսի խմբագրութեան մէջ սկիզբը` քարտուղարուհի, ապա` սրբագրիչ, իսկ 1983-1991թթ.` գրական աշխատող:

1996-2001թթ. –  ուսանած եւ աւարտած է Երեւանի «Գալիք» համալսարանի իրաւագիտութեան բաժանմունքը:

1991-1992թթ.  – աշխատած է Հեռուստառատիօ պետական կոմիտէին մէջ որպէս թղթակից`  արտասահմանի հայութեան համար տրուող հաղորդումներու տեղեկատուութեան բաժինին մէջ,

1992-1993թթ. -աշխատած է ելեկտրացանցի գլխաւոր վարչութեան պետի տեղական մէջ որպէս ընդհանուր բաժինի պետի տեղակալ,

1993-1997թթ. -աշխատած է «Երեւան» գործարանին մէջ որպէս անձնակազմի բաժինի պետ,

1993-1997թթ. -աշխատած է «Լրագիր» օրաթերթին մէջ  որպէս  լրագրող,

1997-1998թթ. -աշխատած է «Զուարթնոց» օդակայանի տեղեկատուութեան վերլուծական կեդրոնին մէջ որպէս գործատու,

1998թ. –  աշխատած է Արդարադատութեան նախարարութեան մէջ որպէս մամուլի քարտուղար,

1998-2003թթ. – աշխատած է ՀՀ քաղաքաշինական պետական տեսչութեան մէջ որպէս  մամուլի քարտուղար եւ աշխատակազմի անձնակազմի գիծով գլխաւոր մասնագէտ,

2004-2005թթ.  – աշխատած է հեռուստատեսութեան եւ ռատիոյի ակադեմիոյ մէջ  որպէս դասախօս,

1997-2007թթ.  – աշխատած է Երեւանի «Գալիք» համալսարանի լրագրութեան բաժանմունքին մէջ որպէս դասախօս,

2004-2007թթ. – աշխատած է «Երկիր Մետիա» հեռուստաընկերութեան մէջ   որպէս համակարգող,

2005-2016 թթ աշխատած է  ՀՀ ԳԱԱ Գիտակրթական միջազգային կեդրոնին մէջ  որպէս դասախօս:

2007թ.  –  աշխատած է Հայ-սլաւոնական համալսարանին մէջ  որպէս  դասախօս,

2008-2009թթ. -աշխատած է ՀՀ տարածքային կառավարման նախարարութեան գաղթականներու  գործակալութեան ապաստան հայցողներու բաժինին մէջ որպէս գլխաւոր մասնագէտ,

2009-2016 թթ. աշխատած է ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ որպէս տեղեկատուութեան եւ հեռահաղորդակցութեան վարչութեան տեղեկատուական-վերլուծական բաժինի պետ:

2010թ. պաշտպանած է ատենախօսութիւն` «Լրագրողի աշխատանքն արտակարգ իրավիճակներու մէջ (ըստ ՀՀ եւ ՌԴ պատերազմական եւ ահաբեկչական իրողութիւններու)» թեմայով:

Հեղինակ է «Լրագրութեան էթիկայի շուրջ», «Լրագրութեան մէջ բարոյաիրաւական պատասխանատուութեան հիմնահարցեր», «Արտակարգ իրավիճակներու մէջ լրագրողական աշխատանքի իրաւական կարգաւորման շուրջ», «Լրագրողն արտակարգ իրավիճակներու մէջ», «Լրագրողը թէժ կէտերու մէջ», «Տիպական բացթողումներ» գիտական յօդուածներու` տպագրուած, համապատասխանաբար, ՀՀ ԳԱԱ-ի «Լրաբեր», «Կանթեղ», «Գիտութիւն եւ տեխնիկա», «Առողջապահութիւն» գիտական հանդէսներուն մէջ:

2013թ.-ին պարգեւատրուած է ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Մայրենիի դեսպան» մետալով:

Scroll Up