Հանգստեան Օրերուն Հայ Դիրքապահներու Ուղղութեամբ Արձակուած Է Աւելի Քան 935 Կրակոց

Հանգստեան օրերուն ղարաբաղա-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծին վրայ հակառակորդին կողմէ հրադադարի պահպանման կարգը խախտուած է շուրջ 60 անգամ, որուն ընթացքին, տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ, հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակուած է աւելի քան 935 կրակոց: Այս մասին կը յայտնեն ԼՂՀ ՊՆ մամլոյ ծառայութենէն:

ՊԲ յառաջապահ զօրամասերը, տիրապետելով զօրաւոր-մարտավարական իրադրութեան, շարունակած են վստահօրէն իրականացնել մարտական հերթապահութիւն:

Scroll Up