Նախագահ Բակօ Սահակեան Մասնակցած Է Ազգային Տարազներու Ցուցահանդէս Վաճառքին

Արցախի Հանրապետութեան Նախագահ Բակօ Սահակեան Օգոստոս 4-ին Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ մասնակցած է Երեւանի քաղաքապետարանին կողմէ կազմակերպուած ազգային տարազներու ցուցահանդէս վաճառքին: Այս մասին կը յայտնեն ԼՂՀ Նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութենէն:
Երկրի ղեկավարը կարեւոր համարած է նման ձեռնարկներու կազմակերպումը Արցախի մէջ` ատոնք համարելով նշանակալի մշակութային իրադարձութիւն մեր երկրի կեանքին մէջ, որոնք իրենց ուրոյն դերակատարութիւնը կ’ունենան ազգային աւանդոյթներու պահպանման եւ զարգացման գործին մէջ: