Այսօրուան Սերունդը Վաղուան Զինուորն Է, Շուշիի Մէջ Մեկնարկած Է Սկաուտական Բանակումը

Յուլիս 25-ին Արցախի «Հայկի Սերունդ» հասարակական կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ՝ Շուշիի մէջ մեկնարկած է «Այսօրուան սերունդը վաղուան զինուորն է» խորագիրով «Հայորդիներ» սկաուտական 7-րդ ամէնամեայ բանակումը:
«Արցախփրէս»-ի թղթակիցին հետ զրոյցին «Հայկի Սերունդ» ՀԿ արտաքին կապերու պատասխանատու Երուանդ Հաճիյեան նշած է, որ Արցախի տարբեր բնակավայրերէ պատանիներու եւ երիտասարդներու ընդգրկումով սկաուտական ճամբարը կը կազմակերպուի 2010 թուականէն:
«Այս տարի նախատեսում ենք երկու հերթափոխով ճամբար: Սա մեր առաջին հերթափոխն է` 150 մասնակցի ընդգրկմամբ եւ տասնօրեայ տեւողութեամբ: Ճամբարականներ ունենք Արցախի բոլոր շրջաններից, Ստեփանակերտից եւ Հայաստանից:Բանակ-հասարակութիւն կապի ամրապնդման համար մեր ճամբարին մասնակից ենք անում նաեւ զինուորների»,- մանրամասնած է Ե. Հաճիյեան:
Խօսելով ճամբարի առօրեային մասին` Ե. Հաճիյեան տեղեկացուցած է, որ ճամբարին մէջ երեխաներուն համար կը կազմակերպուին մտաւոր խաղեր, սկաուտական, հայրենասիրական դասընթացներ, Արցախեան գոյամարտի եւ ազգային հերոսներու կեանքի ու գործունէութեան վերաբերեալ:
«Բանակումի մասնակիցները բաժանուել են 7 խմբի, որոնցից իւրաքանչիւրը կրում է ապրիլեան պատերազմի եւ մինչ այդ առաջնագծում նահատակուած զինծառայողների անուններ` Արմենակ Որֆանեան, Քեարամ Սլոյեան, Ազատ Ասոյեան, Նորայր Հաջեան, Ադամ Սահակեան, Ռոբերտ Աբաջեան եւ Սասուն Մկրտչեան»,- ընգծած է «Հայկի Սերունդ» ՀԿ արտաքին կապերու պատասխանատուն եւ աւելցուցած, որ կը կազմակերպուին նաեւ մարզական եւ մշակութային ձեռնարկներ` ազգային երգ ու պար, որոնք դաստիարակչական եւ կրթական նպատակներ ունին: Ճամբարականներուն համար կ՝ապահովուի օրական չորսանգամեայ սնունդ:
«Նմանատիպ ճամբարի կազմակերպումը հայ երիտասարդներին համախմբելու, հայրենասիրական ու ազգային գաղափարներ սերմանելու նպատակ ունի, ինչպէս նաեւ խթանել սկաուտական շարժման զարգացումը եւ տարածումը Արցախում»,- ըսած է Ե. Հաճիյեան եւ աւելցուցած, որ ճամբարի 2 հերթափոխին ընդհանուր առմամբ պիտի մասնակցին 300 պատանի ու երիտասարդ:
Ըստ անոր, ծրագիրին համաձայն, մասնակիցները պիտի այցելեն Շուշիի պատմամշակութային յուշարձաններ, «Հունոտի կիրճ» պետական բնապատմական արգելոց, թանգարաններ ու տեսարժան վայրեր: