Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Պա­տա­նե­կան Միու­թեան 36րդ ­բա­նա­կու­մը

Ըն­թաց­քի մէջ է Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Պա­տա­նե­կան ­Միու­թեան 36րդ ­բա­նա­կու­մը, որ տե­ղի կ’ու­նե­նայ 2-12 Օ­գոս­տո­սին, ­Գա­բանտ­րի­դիի ի « Η ΦΩΛΙΑ ΤΟΥ ΠΑΙΔΙΟΥ» բա­նա­կա­վայ­րէն ներս: 

Մեծ խան­դա­վա­ռու­թեամբ ու ան­համ­բե­րու­թեամբ՝ 78 պա­տա­նի­ներ կը մաս­նակ­ցին այս տա­րո­ւան բա­նա­կու­մին։ Ա­նոնց կը հսկեն ­Պա­տա­նե­կան ­Միու­թեան Ընդ­հա­նուր ­Վա­րիչ ­Մարմ­նոյ 14 վա­րիչ­ներ եւ օգ­նա­կան­ներ:

Օ­րը կը սկսի հայ­կա­կան ե­ռա­գոյն, յու­նա­կան ազ­գա­յին եւ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան դրօ­շակ­նե­րու ա­րա­րո­ղու­թեամբ՝ «­Մեր ­Հայ­րե­նիք» եւ «Մ­շակ ­Բա­նո­ւոր» քայ­լերգ­նե­րու եր­գե­ցո­ղու­թեամբ:
Օ­րո­ւան հեր­թա­պա­հը կը բա­ցատ­րէ օ­րո­ւան յայ­տա­գի­րը, ա­պա՝ պա­տա­նի­նե­րը խում­բեր կազ­մած կը հե­տե­ւին ի­րենց աշ­խա­տանք­նե­րուն կար­գա­պա­հու­թեամբ՝ հայ­կա­կա­նու­թիւ­նը եւ հա­յա­խօ­սու­թիւ­նը դարձ­նե­լով ի­րենց խմբա­յին աշ­խա­տանք­նե­րուն եւ ըն­կե­րա­յին նա­խա­ձեռ­նու­թեանց կի­զա­կէ­տը:

Օ­րո­ւան յայ­տա­գի­րը կ’ամ­բող­ջա­նայ ե­րե­կո­յեան՝ պա­տա­նի­նե­րը ֆի­զի­քա­կան չար­քա­շու­թեան եւ կար­գա­պա­հու­թեան վար­ժեց­նող մար­զան­քով, ինչ­պէս նաեւ՝ ըն­կե­րա­յին կեան­քով, խմբա­յին խա­ղե­րով, զա­ւեշ­տա­կան ներ­կա­յա­ցում­նե­րով եւ հայ­կա­կան երգ-պա­րե­րով:

Դաս­տիա­րակ­չա­կան ծրա­գիր կը գոր­ծադ­րո­ւի տա­րի­քա­յին խում­բե­րու բա­ժա­նու­մով, վա­րիչ­նե­րու կող­մէ ստանձ­նո­ւած դա­սա­խօ­սու­թիւն­նե­րով եւ զրոյց­նե­րով, ինչ­պէս նաեւ՝ այ­ցե­լու դա­սա­խօս­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ:

Նիւ­թե­րը կ­’ընդգ­րեն ­Հայ ­Դա­տի, ­Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի, Ս­փիւռ­քի հար­ցեր: ­Կա­րե­ւոր է շեշ­տել, թէ մեծ ճիգ կը տա­րո­ւի հա­յա­խօ­սու­թեան ա­ռու­մով: ­Վա­րիչ­ներ եւ պա­տա­նի­ներ ի­րենց ըն­կե­րա­յին զրոյց­նե­րը կը ջա­նան հա­յե­րէ­նով կա­տա­րել: Այս ճի­գին ար­դիւն­քը ի­րա­պէս ե­րե­ւե­լի է 10 օ­րեր ետք, երբ բո­լո­րի խոս­տո­վա­նու­թեամբ՝ հա­յա­խօ­սու­թեան բա­րե­լա­ւո­ւած մա­կար­դա­կով ա­նոնք կ­’ա­ւար­տեն բա­նա­կու­մը:

Անց­նող օ­րե­րու ըն­թաց­քին պա­տա­նի­նե­րու ա­ռօ­րեան կը յատ­կա­նշուի դրօ­շա­կի ա­րա­րո­ղու­թեամբ, վրան­նե­րու մաք­րու­թեամբ, դաս­տիա­րա­կու­թեան պա­հե­րով, յանձ­նախմ­բա­յին (ձե­ռա­յին աշ­խա­տանք­նե­րու, ե­լեկտ­րո­նա­յին թեր­թի­կի, ռա­տիօ­ժա­մի եւ ձեռ­նար­կի պատ­րաս­տու­թեան) աշ­խա­տան­քով, լո­ղա­ւա­զա­նի մէջ խա­ղե­րով եւ գի­շե­րա­յին ըն­կե­րա­յին կեան­քով:

Փոքր տա­րի­քի ու ա­ռա­ջին ան­գամ մաս­նակ­ցող պա­տա­նի­նե­րուն հա­մար, ի­րենց ըն­կեր­նե­րուն հետ նոյն վայ­րին մէջ եւ նոյն վրա­նին տակ ապ­րի­լը, բո­լո­րո­վին նոր փոր­ձա­ռու­թիւն մըն է:
Ինչ­պէս ծա­նօթ է, ա­մա­ռո­ւան 10օ­րեայ բա­նա­կու­մը Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Պա­տա­նե­կան ­Միու­թեան աշ­խա­տանք­նե­րու գա­գաթ­նա­կէ­տը կը կազ­մէ:

Կա­րե­ւո­րու­թեամբ կը շեշ­տենք ե­րի­տա­սարդ վա­րիչ­նե­րու պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւ­նը, ո­րոնք կը ստանձ­նեն բա­նա­կու­մի պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւ­նը, լա­ւա­գոյն ձե­ւով հսկե­լով, դաս­տիա­րա­կե­լով ու ըն­կե­րա­նա­լով 10-16 տա­րե­կան պա­տա­նի բա­նա­կող­նե­րուն:
Ան­վե­րա­պա­հօ­րէն կրնանք հաս­տա­տել, թէ ­Պա­տա­նե­կան ­Միու­թեան 10օ­րեայ բա­նա­կում­նե­րը ան­մո­ռա­նա­լի կը մնան մեր պա­տա­նի­նե­րու սրտե­րուն մէջ ի­րենց կեան­քին ըն­թաց­քին։

Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Պա­տա­նե­կան ­Միու­թեան բա­նա­կու­մը իր ա­ւար­տին պի­տի հաս­նի հան­դի­սու­թեամբ, որ տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ ­Չո­րեք­շաբ­թի՝ 10 Օ­գոս­տո­սին։ ­Հան­դի­սու­թեան ըն­թաց­քին մեր պա­տա­նի­նե­րը պի­տի փոր­ձեն ի­րենց կա­տա­րում­նե­րով, ներ­կա­յաց­նել ծնող­նե­րուն եւ բո­լոր ներ­կայ հայ­րե­նա­կից­նե­րուն ի­րենց ա­ռօ­րեան, ինչ­պէս նաեւ ի­րենց ըն­ձե­ռած գի­տե­լիք­նե­րը բա­նա­կու­մի 10 օ­րե­րուն ըն­թաց­քին։

Բո­լորս հան­դի­սու­թեան ներ­կայ ըլ­լա­լով ու տես­նե­լով խան­դա­վառ մթնո­լոր­տը եւ հայ­կա­կան ո­գին, որ կը տի­րէ՝ ա­ռի­թը պի­տի տանք, որ Հ. Յ. Դ. ­Պա­տա­նե­կան ­Միու­թեան բա­նա­կու­մը իր յա­ջող ըն­թաց­քը ու­նե­նայ յա­ջոր­դող տա­րի­նե­րուն եւս։
Բա­նա­կա­վայ­րը իր դռնե­րը պի­տի բա­նայ ե­րե­կո­յեան ժա­մը 6ին։ ­Պի­տի յա­ջոր­դէ հան­դի­սու­թիւն եւ խնճոյք, ո­րուն ըն­թաց­քին պի­տի վա­յե­լենք մեր պա­տա­նի­նե­րը։

Այս մասին կը յայտնէ Ազատ օր:

բանակում1բանակում2 բանակում3

Scroll Up