Սուրիական Բանակը Յաջողած Է Վերադարձնել Հալէպի Հարաւը Գտնուող Իրենց Կորսնցուցած Դիրքերը

Սուրիական բանակի մարտիկները եւ աշխարհազօրայիններու ջոկատները  վերադարձուցած են Հալէպի հարաւային կողմի  իրենց կորսնցուցած դիրքերը: Այդ մասին ըստ yerkirmedia.am-ի` կը յայտնեն արաբական եւ ռուսական լրատուամիջոցները:

Հակագրոհներու ընթացքին զօրքերը զինեալներուն դուրս  մղած են Զահրաթ Էլ Հաուզի եւ Թել Էլ Իմարայի շրջանէն:

Ետ  գրաւած են  նաեւ  շարք մը ռազմավարական բարձունքներ: Իրականացուած գործողութիւններուն ընթացքին ոչնչացուած է 56 զինեալ` ներառեալ ՃԷյշ ալ Ֆաթհ զինուած միութեան  անդամ արմատական խմբաւորումներու  քանի մը դաշտային հրամանատար: Շարքէն հանուած են հակառակորդի 9 հրասայլ, զէնքեր եւ ռազմական փոխադրամիջոցներ:

 

Scroll Up