«Յարութիւն Շմաւոնեան»-ի Մրցանակներ` Մամլոյ Օրուան Առիթով

16 հոկտեմբերը հայ մամլոյ եւ առաջին հայկական հանդէսի` «Ազդարար»-ի հիմնադրութեան օրն է:

16 հոկտեմբեր 1794-ին Հնդկաստանի Մատրաս քաղաքին մէջ Յարութիւն քահանայ Շմաւոնեան Սուրբ Գրիգոր եկեղեցւոյ բակին մէջ իր աղօթքը կատարեց առ Աստուած եւ ազդարարեց նոր հանդէսի` «Ազդարար»-ի ծնունդը, որով ծնաւ նաեւ հայ մամուլը: Այսօր «Ազդարար»-ը կը վերահրատարակուի Հայաստանի մէջ, 2007-ին ան վերածնաւ Մատրասի մէջ, իսկ 2008-էն խմբագրութիւնը տեղափոխուեցաւ հայրենիք:

«Ազդարար»-ի համահայկական խմբագրութիւնը արդէն աւանդութիւն դարձուցած է «Յարութիւն Շմաւոնեան» մրցանակաբաշխութիւնը` հայկական մամուլի օրուան, ինչպէս նաեւ «Ազդարար» ամսագիրի հիմնադրութեան 219-ամեակին առիթով:

Մրցանակաբաշխութեան հանդէսի գլխաւոր խմբագիր Մարտիկ Սարգսեանը նշեց, որ «Ազդարար»-ը աւելի հին է, քան այսօրուան շարք մը ազգեր եւ պետութիւններ: Ան դիտել տուաւ, որ «Յարութիւն Շմաւոնեան» մրցանակը միակն է, որ մամուլին կ՛առնչուի եւ աւելցուց, թէ արձանիկները խորհրդանիշ դարձուցած են ու ցոյց կու տան ամբողջ աշխարհին մէջ հայկական մամուլին շարժը:

«Ազդարար»-ի պատասխանատու խմբագիր Շահանէ Տէր-Առաքելեան իր կարգին նշեց, որ իրենք այսօր չեն շեղած Յարութիւն քահանայ Շմաւոնեանի ուղիէն եւ կը փորձեն ամբողջ աշխարհի հայերը իրար կապել:

Ազգային գրադարանի տնօրէն Դաւիթ Յարութիւնեան աւելցուց, որ այսօր «Ազդարար»-ի խաչը կրելը մեծագոյն պատասխանատուութիւնն է, հանդէսը շատ բարդ պայմաններու մէջ ծնած է, իսկ այսօր հայրենիքին մէջ շարունակուող գործունէութիւնը յիշատակի տուրք է Մատրասի մէջ «Ազդարար»-ի հիմնադիրներուն: Ան յայտնեց, որ «Ազդարար» իր կոչման հաւատարիմ կը մնայ:

Այս տարի «Յարութիւն Շմաւոնեան»-ի մրցանակակիրները 13 հոգի են` «Աշխարհի մարդիկ» գիրքի հեղինակ Ստեփան Հեքիմեան, «ՌԱԴոստ» լրագիրը` հիմնադիր-խմբագիր Վաչական Բասենցեան, Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութեան «Գոյամարտ» պատկերասփիւռի նախագիծը, Ջաւախքի ԱՏՎ-12 «էվիրկա» պատկերասփիւռի եւ ձայնասփիւռի ընկերութիւնը, Լիբանանի «Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան, Թուրքիոյ «Մարմարա» թերթի գլխաւոր խմբագիր Ռոպեր Հատտեճեան, Երեւանի Ճարտարապետութեան եւ շինարարութեան պետական համալսարանի տպագրութեան եւ լրատուութեան բաժինը, Շանթ պատկերասփիւռի կայանի լրագրող Արտեօմ Երկանեան, Սպանիոյ թագաւորութենէն գրող, հրապարակախօս, լրագրող Խօսէ Անթոնիօ Կուրիարան, պուլկարացի պատկերասփիւռի լրագրող ֆիլմարտադրող Սվեթանա Փասքալեվան, Սիւնիքի մարզի Հարթաշէն գիւղի դպրոցի «Սիւնեաց բազէ» աշակերտական թերթը, պատկերասփիւռի հաղորդավար Նուէր Մնացականեան ու պատկերասփիւռի լրագրող Պետրոս Ղազարեան:

 aztagdaily.com

Scroll Up