Իսրայէլի ՄԷջ Կ’առաջարկեն Ստորագրահաւաք Կազմակերպել Հայոց Ցեղասպանութեան Հարցը Քնեսէթի Օրակարգին ՄԷջ Ներառելու Համար

Իսրայէլի խորհրդարանի` Քնեսէթի որոշ պատգամաւորներ առաջարկած են ստորագրահաւաք կազմակերպել Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը խորհրդարանի աշնանային նստաշրջանի օրակարգին մէջ ներառելու համար:

Այս մասին նշեց հայ դատի Երուսաղէմի յանձնախումբի ատենապետ Յակոբ Սեւանը` անդրադառնալով Օգոստոս 1-ին Քնեսէթի Կրթութեան եւ մարմնակրթութեան յանձնաժողովին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման:

«Կրթութեան եւ մարմնակրթութեան յանձնաժողովի նախագահի խօսքերը, որ յանձնաժողովը պաշտօնապէս կը ճանչնայ  Հայոց ցեղասպանութիւնը, կշիռ հաղորդեցին գործընթացքին եւ, կարծես, մարտահրաւէր եղաւ լիագումար նիստին: Ընդգծուեցաւ, որ չի կարելի այդպէս շարունակել, ու հարցը անընդհատ  ձգձգել:  Քնեսէթի պատգամաւորներուն համար դժուարին իրավիճակ  ստեղծուած էր:  Անոնք կը քննարկէին Քնեսէթի կանոնակարգը, կը փորձէին հասկնալ, թէ ինչպէս հարցը առաջ տանին: Յանձնաժողովի քննարկման ներկաները հիմնականին մէջ դրական տրամադրուած էին եւ կը ցանկան գործը առաջ տանիլ: Առաջարկ եղաւ հարցը լիագումար նիստի օրակարգ մտցնելու համար ստորագրահաւաք կազմակերպել»,-ըսաւ Յակոբ Սեւան:

Անոր խօսքով, յանձնաժողովի քննարկման ներկայ էր Արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչը, եւ պարզ դարձաւ, որ այդ կառոյցի տեսակէտին մէջ որեւէ փոփոխութիւն չկայ:

«Ինչպէս Յուլիս 7-ի ելոյթներէն երեւցաւ, կարծես, ԱԳ նախարարութեան մէջ հակուած չեն ճանրնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը: Չնայած, պատգամաւորներուն մօտ  ընդհանուր առմամբ հայկական հարցի վերաբերեալ դրական տրամադրուածութիւն կայ: Եւ եթէ թոյլ տրուի, որ անոնք ազատ քուէարկեն, ապա յաջողութիւն կ’ունենան»,-ըսաւ Յակոբ Սեւան:

Ան տեղեկացուց, որ 10 օրէն խորհրդարանը արձակուրդ կ’երթայ: Այն աշխատանքը կը սկսի երկու ամիս անց:

Իսրայէլի խորհրդարանի` Քնեսէթի Կրթութեան եւ մարմնակրթութեան յանձնաժողովը քննարկումէն ետք  պաշտօնապէս ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը: Քննարկումը կայացած է Օգոստոս 1-ին. Յուլիս 5-ին Քնեսէթի լիագումար նիստին Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը քննարկելէ ետք որոշուած էր նախագիծը ուղարկել Քնեսէթի Կրթութեան եւ մարմնակրթութեան  յանձնաժողով` յաւելեալ ուսումնասիրութեան եւ քննարկման համար:

 

Scroll Up