Գիշերային գործունէութիւն՝ նուիրուած Լիզպոնի հինգ տղոց յիշատակին

Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Հալէպի մասնաճիւղի գայլ-արծուիկ միաւորները Շաբաթ 30 Յուլիս 2016-ին «Արամ Մանուկեան» ժողովրդային տան Քրիսեան սրահէն ներս կատարեցին գիշերային գործունէութիւն, մասնակցութեամբ յիսուն քոյր-եղբայրներու: Գործունէութիւնը նուիրուած էր Լիզպոնի հինգ տղոց յիշատակին: Յայտագիրը պարունակեց Լիզպոնի գործունէութեան մասին դասախօսութիւն, հերոսները անմահացնող երգի ուսուցում, ձեռային աշխատանք եւ մարզանք:
Առաւօտուն տեղի ունեցաւ քայլարշաւ դէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցի, ուր գայլ-արծուիկները մոմավառութիւն կատարեցին առ ի յիշատակ Լիզպոնի գործունէութեան հինգ հերոսներու հոգիներուն, ապա քոյր-եղբայրները իրենց պատրաստած պատի թերթը զետեղեցին եկեղեցւոյ բակին մէջ:
Իսկ Հալէպի մասնաճիւղի արի-արենոյշ եւ երէց-պարման միաւորները Կիրակի 31 Յուլիս 2016-ին «Ճորճ Սալէմ» վանքէն ներս կիսօրեայ գործունէութեամբ նշեցին Լիզպոնի տղոց յիշատակը: Լիզպոնի գործունէութեան նուիրուած յայտագիրի մը ընդմէջէն անոնք ստացան դասախօսութիւն, կատարեցին երգի ուսուցում եւ հարց-պատասխանի մրցում: Այնուհետեւ անոնք ուղղուեցան Ս. Աստուածածին եկեղեցի, ուր մոմավառութեամբ յարգեցին յիշատակը Լիզպոնի հերոս տղոց:
Ահաւասիկ ինչպէս անցեալին, այսօր եւս Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Հալէպի մասնաճիւղը անտեսելով երկրիս եւ ի մասնաւորի քաղաքիս անբարենպաստ պայմանները կը շարունակէ իր յաղթական երթը, ի խնդիր հայ նորահաս սերունդներու առողջ դաստիարակութեան: