Մարսէլի A.R.A.M Կազմակերպութեան ՄԷջ Ներկայացուեցան Հայոց Ցեղասպանութեան Վաւերագիրները

Յուլիս 21-ին Մարսէլի A.R.A.M (Association pour la Recherche et l’Archivage de la Mռmoire armռnienne – Հայկական յիշողութեան հետազօտման եւ արխիւացման կազմակերպութիւն, նախագահ` Ժագ Ուլուսեան) գրասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ, որուն ներկայ էին Ֆրանսայի քաղաքաշինութեան, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Փաթրիկ Գաները,Փրովանս-Ալպ-Գոթ-տը-Ազիւր շրջանի քաղաքապետ Ստեփան Մայոն, Մարսէլի մէջ ՀՀ հիւպատոս Սամուէլ Լալայեանը, Ֆրանսայի ԱԺ պատգամաւոր Հենրի Ժիպրայէլը, տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրեալներ, ֆրանսական եւ հայկական կազմակերպութիւններու նախագահներ, հայ համայնքի բազմաթիւ ներկայացուցիչներ, ֆրանսացիներ, լրագրողներ: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ը կը տեղեկանայ Մարսէլի մէջ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսութենէն:

A.R.A.M կազմակերպութեան հիմնադիր Կարպիս Արթինի դուստր` Աստրիտ Արթին Լուսիկեան, ներկաներուն մանրամասն ներկայացուց կազմակերպութեան հայանպաստ գործունէութիւնը, արխիւին մէջ պահուող Ցեղասպանութենէն մազապուրծ եղած եւ Մարսէլ ապաստանած հայերուն կողմէ ստեղծուած հայկական առաջին կազմակերպութիւններուն վերաբերող բազմաթիւ արժէքաւոր փասթաթուղթեր, ֆրանսական կառավարութեան կողմէ ցուցաբերուած օգնութեան տարաբնոյթ փաստաթուղթեր, Ցեղասպանութենէն փրկուածներու լուսանկարներ, մեծ թիւով անձնագիրներու, ծննդեան, ամուսնութեան, փախստականի, Ֆրանսայի հարաւի հայկական պատրիարքարանին կողմէ տրուած մկրտութեան վկայականներու բնօրինակներ, ինչպէս նաեւ երկրորդ համաշխարհային պատերազմի ֆրանսահայերու մասնակցութեան եւ մինչեւ մեր ժամանակները ընդգրկող բազմաթիւ արժէքաւոր այլ փաստաթուղթեր:

Իր խօսքին մէջ նախարար Փաթրիէ Գաները կարեւոր համարեց նման ձեռնարկներու կազմակերպումը եւ բարձր գնահատեց A.R.A.M կազմակերպութեան գոյութեան նշանակութիւնը եւ կատարած աշխատանքը` մէկ անգամ եւս նշելով Ֆրանսայի ԱԺ կողմէ վերջերս ընդունուած` Հայոց ցեղասպանութեան ժխտողականութիւնը քրէականացնող օրէնքը` վստահեցնելով, որ այն Հոկտեմբերին կը հաստատուի նաեւ Սենատի կողմէ:

Հիւպատոս Սամուէլ Լալայեան շնորհակալութիւն յայտնեց նախարարին եւ քաղաքապետին A.R.A.M կազմակերպութեան ցուցաբերած հետաքրքրութեան, աջակցութեան եւ այցելութեան համար:

12 34 56 78 9

Scroll Up