«Ոսկին գոհար է, արծաթը մշակոյթ»

Վարպետը կը նշէ որ այս արհեստին նկատմամբ իր հա­կու­մը ու տա­ղան­դը ժա­ռան­գած է ըն­տա­նիքէն. «Հայրս խար­բերդցի էր, իսկ անոր հայ­րը Մա­նուկ Առա­քելեան մե­տաքս թե­լերով աշ­խա­տող գոր­գա­գործ մը։ Մայրս՝ որ ամա­սիացի է, իր հայ­րը Յա­կոբ Հո­րազա­կեան եւս քան­դա­կագործ մը եղած է։ Իր ար­հեստին շնոր­հիւ փրկուած է 1915-ի Մեծ Եղեռ­նէն։ Ես չորս զա­ւակ­ներ ու­նե­ցող ըն­տա­նիքի կրտսե­րագոյ­նը ըլ­լա­լով ծնած եմ 1947-ին, Կէ­տիկ­փա­շա։ Մեր ըն­տա­նիքէն առա­ջին ան­գամ եղ­բայրս է որ նա­խակրթա­րանը աւար­տե­լով եկաւ Քալ­ճը­լար Խան եւ թիւ 14 սե­նեակին մէջ սկսաւ ար­ծա­թագոր­ծութեան։ Ես վեց տա­րեկան էի երբ ամառ­նա­յին ար­ձա­կուրդնե­րուն իբ­րեւ աշ­կերտ կու գա­յի եղ­բօրս մօտ։ Գա­րակէօզեանը աւար­տե­լով ես ալ այստեղ Յա­կոբ Ֆես­ճեանի աշ­կերտ դար­ձայ։ Բայց իմ բուն վար­պե­տը Վար­դա­վառ Քա­րապու­լութն է։ Հի­մա 80 տա­րեկան­նե­րու շուրջ է եւ Գա­նատա կ՚ապ­րի։ Արուես­տի նրբու­թիւննե­րը իր­մէ սոր­ված եմ։ Իր­մէ եւ Յա­կոբ Սա­քաեանէ»։

Յա­կոբ Ինեափան, եղ­բօ­րը Մա­նու­կին հետ աշ­խա­տած օրե­րը յի­շելով կը դրուատէ վար­պետ-աշ­կերտ յա­րաբե­րու­թիւնը՝ փոխանցելով հետաքրքրական յուշեր­։ «Եղ­բայրս տա­ղան­դա­ւոր վար­պետ մըն էր։ Ար­ծա­թը ձե­ւաւո­րելու, զօ­դելու կամ փո­րագ­րե­լու կա­տարեալ ձիրք ու­նէր։ Ես բնա­կանա­բար ամե­նապարզ գոր­ծը պի­տի ընէի, տա­փարակ մե­տաղին վրայ աւա­զելով հա­կապատ­կեր պի­տի պատ­րաստէի։ Ոս­կիեան աղ­բա­րիկ մը կար, իբ­րեւ թէ կը խրա­տէր –ար­հեստ սոր­վե­լու հա­մար մուրճը մէյ մը մե­խին, մէյ մը մա­տիդ պի­տի խփես- կ՚ըսէր»։

Յա­կոբ Վար­պետ ար­ծա­թը ձե­ւաւո­րելու սի­րահար մըն է եթէ, նաեւ սի­րահար մըն է հայ աշու­ղա­կան երաժշտու­թեան։ Աշ­խա­տան­քի ըն­թացքին ընդմիշտ կը լսէ Ռու­բէն Մա­թէոսեանի, Յով­հաննէս Պա­տալեանի կամ Գուրգէն Տա­պաղեանի կա­տարումնե­րը։ Աշ­կերտներն ալ այդ երաժշտու­թեան ըն­տե­լացած են։ Կար­ծես եթէ մուրճի հա­րուած­նե­րուն չըն­կե­րակ­ցի հայ­կա­կան երաժշտու­թիւնը, բան մը պա­կաս, բան մը թե­րի պի­տի մնայ այս աշ­խա­տանո­ցին մէջ։

Աշ­կերտնե­րը աւե­լի սո­վորա­կան գոր­ծե­րով կը զբա­ղին իսկ Յա­կոբ Ինեափան յա­տուկ եւ միօրի­նակ գոր­ծե­րով։ Դէմ­քեր կը քան­դա­կէ ար­ծա­թի վրայ։ ՀՀ նա­խագահ Սարգսեանի, Դաշ­նակցա­յին Գեր­մա­նիոյ նախ­կին վար­չա­պետ Հել­մուտ Շմի­տի դէմ­քե­րը կը քան­դա­կէ եւ յա­ճախ ալ աշ­կերտնե­րուն կար­ծի­քը կը հարցնէ։ Ան նուիրեալ ու­սուցիչ մըն է նաեւ։ Կ՚ափ­սո­սայ որ իր մօտ աշ­խա­տելու եկող­նե­րը շատ ան­գամ զուրկ են գե­ղագի­տական ճաշակ է։ «Աշ­խա­տանք մը գտնե­լու հե­ռան­կա­րով եկող­ներ կ՚ըլ­լան։ Անոնց հա­մար սոր­ված ար­հեստը նշա­նակու­թիւն չու­նի։ Չեն կրնար զա­նազա­նել նպա­րավա­ճառի մը կամ ար­ծա­թագոր­ծի մը քով աշ­խա­տելու տար­բե­րու­թիւնը։ Իրենց հա­մար կա­րեւո­րը աշ­խա­տան­քի ժա­մերը եւ ստա­ցած դրամն է միայն։ Մինչդեռ ես սո­րվեց­նող վար­պետ եմ։ Կարգ մը վար­պետներ իրենց գի­տելի­քը կը նա­խան­ձին, նրբու­թիւննե­րը չեն սոր­վեցներ աշ­կերտնե­րուն»։

Յա­կոբ Ինեափա­նի համ­բա­ւը իր ծաղ­կա­նախ­շե­րով ստեղծուած է։ Այնքան վար­պե­տօրէն կը քան­դա­կէ որ տես­նո­ղը կը փոր­ձէ ծա­ղիկը առան­ձին վերցնել։

Վար­պե­տը գի­տելիք­ներ կը փո­խան­ցէ իր աշ­խա­տած նա­խանիւ­թի մա­սին։ «Ջրար­ծաթ կը կո­չենք քա­նի որ հա­լած մե­տաղը կը թա­փենք ջու­րի մէջ եւ ոս­պի ձե­ւով հա­տիկ­ներ ձեռք կը բե­րենք։ Ապա որ­պէսզի կա­րողա­նանք մե­տաղին ձեւ տալ ան կը ձու­լենք պղին­ձով։ Եթէ 10 տո­կոս պղինձ խառ­նենք կ՚ու­նե­նանք 900 աս­տի­ճան ար­ծաթ, եթէ 7 տո­կոս պղինձ խառ­նենք, ձեռք բե­րուա­ծը 925 աս­տի­ճան է։ Ահա մենք 925 աս­տի­ճանով կ՚աշ­խա­տինք»։

Նրբա­տաշ այս աշ­խա­տան­քէն շա­քարա­ման­ներ, հա­յելի­ներ, զար­դա­տու­փեր, աշ­տա­նակ­ներ ար­տադրող վար­պե­տի կա­րեւոր ստեղ­ծա­գոր­ծութիւննե­րէն մէկ մասն ալ սրբան­կարներն են։ Այդ սրբան­կարնե­րը եր­բեմն փոր­ձանք ալ բա­ցած են իր գլխուն։ Օրի­նակի հա­մար, պա­տուէ­րով քան­դա­կած է Սուրբ Նի­կողա­յոսի սրբան­կար մը, որուն պա­տուի­րատու­նե­րը օդա­կայա­նին մէջ ձեր­բա­կալուած են պատ­մա­կան հնու­թիւն փախցնե­լու մե­ղադ­րանքով։ Անոնք յայտնած են որ պատ­մա­կան գործ մը չէ, այլ պատ­րաստուած է Գոց Շու­կայ, Քալ­ճը­լար խա­նին մէջ, Յա­կոբ Ինեափա­նի կող­մէ։ «Այդ դէպ­քէն ետք սկսայ անունս գրել իմ ձեռ­քէ ելած գոր­ծե­րուն վրայ»։

Իրեն այ­ցե­լելով ահա­գին գի­տելիք լսեցինք ար­ծա­թագոր­ծութեան մա­սին։ Բայց մեզ ամե­նաշատ տպա­ւորո­ղը հե­տեւեալ խօսքերը եղան. «Հետզհետէ հեռացած ենք դրամ շահելու մտահոգութենէն։ Այլեւս արծաթը իմ հաճոյքին համար է որ կը նախշեմ։ Վերջապէս ոսկին գոհար է, իսկ արծաթը մշակոյթ»։

ԳԱՐԻՆ ՊԱԼ

Աղբիւրը՝ Ակօս

Scroll Up