Շաբաթօրեայ Դպրոցներու Ընդհանուր Պատասխանատու Կը Նշանակուի Բագրատ Ծ. Վրդ. Պերճէքեան

Քանի մը տարի առաջ, թեմակալ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի կողմէ կազմուած էր Շաբաթօրեայ դպրոցներու յանձնախումբը, ատենապետութեամբ՝ դոկտ. Էլլի Անդրէասեանի, որ կանոնաւոր կերպով կ՛այցելէ տարբեր ծուխերու շաբաթօրեայ դպրոցներ, հանդիպում կ՛ունենայ ուսանողներու հետ եւ համապատասխան ուղղութիւն կու տայ ուսուցչուհիներուն:
Ուրախութեան եւ հպարտութեան պահեր ապրեցան հայ համայնքները իրենց եկեղեցիներու կամարներուն ներքեւ, ուր ծնողներ, հիւրեր եւ ուսուցիչներ համախմբուած էին ականատես ըլլալու երիտասարդ սերունդի խանդավառ եւ հայրենաշունչ ելոյթներուն: Անոնք սաներն են Հայց. եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի 17 շաբաթօրեայ դպրոցներու, ուր սփիւռքահայ նորահաս սերունդներուն կը փոխանցուին մեր լեզուն, մշակոյթն ու կրօնը, մեր ազգապահպանման նուիրական արժէքները եւ հայրենասիրութեան առաքելութիւնը՝ յարատեւ պահելու համար հայ ինքնութեան ջահը: Կ՛ըսուի, թէ լեզու եւ մշակոյթ ստեղծելը մեծ գործ է, իսկ զայն սերունդներուն փոխանցելը՝ մեծագործութիւն:
Ուսուցչական կազմը մեծ նուիրումով հայ պատանիներուն կը փոխանցէ մայրենի լեզուն եւ մեր հազարամեայ մշակոյթի ազգային գիտակցութիւնը՝ օգտագործելով դասաւանդութեան արդիական մօտեցումները եւ հայ մանկավարժութեան աւանդական մեթոտները:
Ծրագիրի աղբիւրներն են հայոց լեզուի ու գրականութեան տեղական եւ հայրենական դասագիրքեր, հայոց պատմութեան, հայ մշակոյթի, հայրենագիտութեան եւ արդիական հարցերու շուրջ գոյութիւն ունեցող նիւթեր, դասախօսութիւններ, յօդուածներ, զանազան լսատեսողական եւ կայքէջային նիւթեր:
Վերջին երեք տարիներուն ընթացքին, առաջնորդին հովանաւորութեամբ կազմակերպուած են Շաբաթօրեայ դպրոցներու ուսուցիչներու վերապատրաստման տարեկան աշխատանիստեր՝ հետեւեալ նիւթերու շուրջ.
Դասերու ծրագրում, դասաւանդման համակերպում՝ աշակերտներու բազմաթիւ ունակութիւնները եւ սորվելու ոճը նկատի ունենալով, պատմութեան եւ մշակոյթի դասաւանդութեան դերը՝ հայ ինքնութեան ամրապնդման մէջ, ուղեղի դերը լեզուի ուսուցման մէջ, լեզուի դասաւանդութեան ուղղակի ոճ, եւ այլն:
Շաբաթօրեայ դպրոցներու առաքելութեան առաւել յաջողութեան համար, առաջնորդ սրբազան հայրը Կեդրոնական խորհուրդի ընդհանուր պատասխանատու նշանակեց առաջնորդական ընդհանուր փոխանորդ Բագրատ Ծ. վրդ. Պերճէքեանը, որ մօտէն պիտի հետեւի բոլոր ծրագիրներուն եւ անհրաժեշտ ուղղութիւնները պիտի տայ:
Այս մասին կը յայտնէ Ապարէզ: