ԱՃՈՒՐԴԻ ՀԱՆՈՒԱԾ ԵՆ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՁԵՌԱԳԻՐ ՄԱՏԵԱՆՆԵՐ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2013/10/Հայկական-առաջին-ձեռագրերjpg.jpg)
Աշխարհի երրորդ մեծագոյն աճուրդի տունը հանդիսացող «Հերիթէյճ Օքշընզ»ը (Heritage Auctions) Հոկտեմբեր 17ին վաճառքի կը հանէր հայկական եզակի ձեռագիր մատեաններ ու տպագիր հատորներ Նիւ Եորքի մէջ:
Ձեռագրերէն մէկը մագաղաթի վրայ մանրանկարչութեամբ զարդարուն 1659ի Աւետարան մըն է (637 էջ), ընդօրինակուած Գանձակի Գրիգոր վարդապետի կողմէ: Աւետարանին վերջնական արժէքը, աճուրդի կազմակերպիչներուն կարծիքով, կրնայ հասնիլ մինչեւ 25 հազար տոլարի:
Միւս ձեռագիրը 16րդ դարուն (1584) ընդօրինակուած 571 էջնոց Աւետարան մըն է` կազմուած Յովհաննէս վարդապետի կողմէ (տե՛ս. լուսանկարը): Աւետարանի էջերէն 15ը զարդարուած են Ներսէս անուն հոգեւորականի մը մանրանկարներով: Աճուրդի տան հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ աշխատանքը կատարուած է Բարձր Հայքի Խնդրակատար Ս. Աստուածածին վանքին մէջ: Այս Աւետարանին սկզբնական գինը աւելի քան 20 հազար տոլար է:
Այլ անթուակիր ձեռագիր մը գրուած է «բոլորգիր տառատեսակով` Բարսեղ անունով գրիչի մը կողմէ: Թուագրուած է 13-16րդ դարերուն: Այս մէկը եւս կը գնահատուի աւելի քան 20 հազար տոլար:
Նշեալ երեքին պարագային, աճուրդին մասնակցելու նուազագոյն գումարը, Հոկտեմբեր 4ի տուեալներով` 5000-6250 տոլարի միջեւ էր:
Աճուրդի դրուած են նաեւ Ամսթերտամի մէջ 1714-1715ին տպուած 838 էջնոց «Գիրք Սաղմոսաց»էն օրինակ մը, «Խորհրդատետր Պատարագին Հայոց» (1677) հատորէն օրինակ մը, ինչպէս նաեւ` «Ժամագիրք» մը (մօտաւորապէս 1837) եւ Յովսէփ Էմինի կողմէ անգլերէնով գրուած ինքնակենսագրական գործէն օրինակ մը, որ Լոնտոնի մէջ լոյս տեսած է 1792ին (640 էջ):
Նոր Յառաջ